Յեղափոխութենէն ետք հայկական ընտանիքներու մէջ ապագայի նկատմամբ դրական սպասումները մեծցած են. Փաշինեան

Այս տարուան երկրորդ եւ երրորդ եռամսեակներու ընթացքին Հայաստանի մէջ ծնած երեխաներու թիւը աւելի է քան անցեալ տարուան նոյն ժամանակահատուածին, իր ֆէյսպուքեան էջին գրած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: «Եթէ անցեալ տարուան այդ ժամանակահատուածին ծնած  էր 18 հազար 258 երեխայ, ապա այս տարուան երկրորդ եւ երրորդ եռամսեակներու ընթացքին ծնած երեխաներուն թիւը կազմած է 18 հազար 493, կամ 235-ով աւելի: «Ծնունդներու թիւի աճը մեծ չէ, անշուշտ, սակայն պէտք է հաշուի առնել, որ անցած առնուազն 5 տարիներուն այդ ցուցանիշը մեղմ խօսքով կը գահավիժէր, ինչ որ ակնյայտ կը դառնայ բերուած գծապատկերի ուսումնասիրութենէն: «Այսպիսով` կրնանք արձանագրել, որ յեղափոխութենէն ետք հայկական ընտանիքներու մէջ ապագայի նկատմամբ դրական
14 Նոյեմբերի 2019
3 ր. ընթերցում
Յեղափոխութենէն ետք հայկական ընտանիքներու մէջ ապագայի նկատմամբ դրական սպասումները մեծցած են. Փաշինեան

Այս տարուան երկրորդ եւ երրորդ եռամսեակներու ընթացքին Հայաստանի մէջ ծնած երեխաներու թիւը աւելի է քան անցեալ տարուան նոյն ժամանակահատուածին, իր ֆէյսպուքեան էջին գրած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Եթէ անցեալ տարուան այդ ժամանակահատուածին ծնած  էր 18 հազար 258 երեխայ, ապա այս տարուան երկրորդ եւ երրորդ եռամսեակներու ընթացքին ծնած երեխաներուն թիւը կազմած է 18 հազար 493, կամ 235-ով աւելի:

«Ծնունդներու թիւի աճը մեծ չէ, անշուշտ, սակայն պէտք է հաշուի առնել, որ անցած առնուազն 5 տարիներուն այդ ցուցանիշը մեղմ խօսքով կը գահավիժէր, ինչ որ ակնյայտ կը դառնայ բերուած գծապատկերի ուսումնասիրութենէն:

«Այսպիսով` կրնանք արձանագրել, որ յեղափոխութենէն ետք հայկական ընտանիքներու մէջ ապագայի նկատմամբ դրական սպասումները մեծցած են եւ անհրաժեշտ էր համապատասխան ժամանակ, որպէսզի այդ սպասումները ակներեւ դառնային լոյս աշխարհ եկած երեխաներու թիւի աճի տեսքով:

«Ասոր աւելցնենք, որ յեղափոխութենէն ետք կը շարունակէ արձանագրուիլ ամուսնութիւններու թիւի աճ, ամուսնալուծութիւններու թիւի նուազում»,- գրած է Փաշինեան:

Չկայ սահման Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ, մենք մէկ ամբողջութիւն ենք. Ի պատիւ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Աննա Յակոբեանի Փարիզի մէջ տրուած է ընդունելութիւն
Նախորդ նիւթը

Չկայ սահման Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ, մենք մէկ ամբողջութիւն ենք. Ի պատիւ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Աննա Յակոբեանի Փարիզի մէջ տրուած է ընդունելութիւն

Շեր Գամիշլիի հայ քահանային ապանութեան պատասխանատուն կը համարէ Թրամբը եւ Էրտողանը
Յաջորդ նիւթը

Շեր Գամիշլիի հայ քահանային ապանութեան պատասխանատուն կը համարէ Թրամբը եւ Էրտողանը

ԱնցնիլՎեր