Շեր Գամիշլիի հայ քահանային ապանութեան պատասխանատուն կը համարէ Թրամբը եւ Էրտողանը

Հանրաճանաչ ամերիկահայ երգչուհի Շեր (Շերլին Սարգսեան) «Թուիթըր»ի վրայ անդրադարձած է իսլամ ծայրայեղական ահաբեկիչներու կողմէ Գամիշլիի մէջ Հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետին եւ անոր հօր սպանութեան, խօսքը ուղղելով Ամերիկայի նախագահին: «Եթէ «Իսլամական պետութիւն»ը վերադարձած է, դուք եւ Էրտողանը բերիք զանոնք: Դուք օգնեցիք Էրտողանին, որ քիւրտեր ջարդէ: Մարդիկ կը տառապին, կը սպաննուին, պարզապէս որովհետեւ ձեր «սիրելի Էրտողան»ը պէտք է գոհ մնայ: «Իսլամական պետութիւն»ը սպաննեց հայ քահանան եւ անոր հայրը: Արդեօք Էրտողանը ձեզ դրամով, ուժով, թէ երկուքով միասին գնած է»,- նշած է Շերը՝ 13 նոյեմբերի կէսօրին Ուաշինկթընի մէջ սպասուող Թրամբ-Էրտողան հանդիպմանն ընդառաջ:
14 Նոյեմբերի 2019
2 ր. ընթերցում
Շեր Գամիշլիի հայ քահանային ապանութեան պատասխանատուն կը համարէ Թրամբը եւ Էրտողանը

Հանրաճանաչ ամերիկահայ երգչուհի Շեր (Շերլին Սարգսեան) «Թուիթըր»ի վրայ անդրադարձած է իսլամ ծայրայեղական ահաբեկիչներու կողմէ Գամիշլիի մէջ Հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետին եւ անոր հօր սպանութեան, խօսքը ուղղելով Ամերիկայի նախագահին:

«Եթէ «Իսլամական պետութիւն»ը վերադարձած է, դուք եւ Էրտողանը բերիք զանոնք: Դուք օգնեցիք Էրտողանին, որ քիւրտեր ջարդէ: Մարդիկ կը տառապին, կը սպաննուին, պարզապէս որովհետեւ ձեր «սիրելի Էրտողան»ը պէտք է գոհ մնայ: «Իսլամական պետութիւն»ը սպաննեց հայ քահանան եւ անոր հայրը: Արդեօք Էրտողանը ձեզ դրամով, ուժով, թէ երկուքով միասին գնած է»,- նշած է Շերը՝ 13 նոյեմբերի կէսօրին Ուաշինկթընի մէջ սպասուող Թրամբ-Էրտողան հանդիպմանն ընդառաջ:

Յեղափոխութենէն ետք հայկական ընտանիքներու մէջ ապագայի նկատմամբ դրական սպասումները մեծցած են. Փաշինեան
Նախորդ նիւթը

Յեղափոխութենէն ետք հայկական ընտանիքներու մէջ ապագայի նկատմամբ դրական սպասումները մեծցած են. Փաշինեան

Երկրաշարժ Շիրակի  մարզին  մէջ
Յաջորդ նիւթը

Երկրաշարժ Շիրակի մարզին մէջ

ԱնցնիլՎեր