«ՆԱԹՕ-ի ուղեղը մահացած է». Մաքրոն

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը ՆԱԹՕ-ի մասին խօսելու ժամանակ յայտարարած է, որ դաշինքի «ուղեղը մահացած է»: Ինչպէս կը փոխանցէ BBC News-ը, Մաքրոնի խօսքով՝ ատոր պատճառը Հիւսիսաթլանթեան դաշինքի գլխաւոր երաշխաւորի՝ ԱՄՆ-ի հաւատարմութեան թուլացումն է։   The Economist-ին տուած հարցազրոյցին մէջ ֆրանսացի առաջնորդը ընդգծած է ԱՄՆ-ի ձախողումը ՆԱԹՕ-ի հետ բանակցելու առնչութեամբ՝ նախքան Սուրիոյ հիւսիսէն զօրքերու դուրսբերումը: Ան հարցականի տակ դրած է ՆԱԹՕ-ի հաւատարմութիւնը հաւաքական անվտանգութեան։    Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլն արձագանգած է՝ նշելով՝ համաձայն չէ Մաքրոնի «այդ կտրուկ խօսքերուն»։ ՆԱԹՕ-ն, որ յաջորդ ամիս Լոնտոնի մէջ տեղի ունենալիք գագաթնաժողովի մէջ պիտի նշէ կազմաւորման 70 ամեակը, եւս արձագանգած է՝ յայտարարելով, որ կառոյցը կը շարունակէ հզօր մնալ։
8 Նոյեմբերի 2019
2 ր. ընթերցում
«ՆԱԹՕ-ի ուղեղը մահացած է». Մաքրոն

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը ՆԱԹՕ-ի մասին խօսելու ժամանակ յայտարարած է, որ դաշինքի «ուղեղը մահացած է»:

Ինչպէս կը փոխանցէ BBC News-ը, Մաքրոնի խօսքով՝ ատոր պատճառը Հիւսիսաթլանթեան դաշինքի գլխաւոր երաշխաւորի՝ ԱՄՆ-ի հաւատարմութեան թուլացումն է։  

The Economist-ին տուած հարցազրոյցին մէջ ֆրանսացի առաջնորդը ընդգծած է ԱՄՆ-ի ձախողումը ՆԱԹՕ-ի հետ բանակցելու առնչութեամբ՝ նախքան Սուրիոյ հիւսիսէն զօրքերու դուրսբերումը: Ան հարցականի տակ դրած է ՆԱԹՕ-ի հաւատարմութիւնը հաւաքական անվտանգութեան։   

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլն արձագանգած է՝ նշելով՝ համաձայն չէ Մաքրոնի «այդ կտրուկ խօսքերուն»։

ՆԱԹՕ-ն, որ յաջորդ ամիս Լոնտոնի մէջ տեղի ունենալիք գագաթնաժողովի մէջ պիտի նշէ կազմաւորման 70 ամեակը, եւս արձագանգած է՝ յայտարարելով, որ կառոյցը կը շարունակէ հզօր մնալ։

Ջուղայի մէջ պատմական հայկական յուշարձանները ոչնչացուած են․ Ոմանք այն «մշակութային ցեղասպանութիւն» կ'անուանեն․ LATimes
Նախորդ նիւթը

Ջուղայի մէջ պատմական հայկական յուշարձանները ոչնչացուած են․ Ոմանք այն «մշակութային ցեղասպանութիւն» կ’անուանեն․ LATimes

«Ամերիկահայերը պիտի շարունակեն պայքարը Ծերակոյտի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար». Սերժ Թանքեանը «New Europe»-ին մէջ յօդուած հրապարակած է
Յաջորդ նիւթը

«Ամերիկահայերը պիտի շարունակեն պայքարը Ծերակոյտի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար». Սերժ Թանքեանը «New Europe»-ին մէջ յօդուած հրապարակած է

ԱնցնիլՎեր