Նախարար. Պաքուն բացայայտ կոչ կ’ընէ փլուզելու հայկական արժէքները բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ

Պաքուն բացայայտ կոչ կ’ընէ փլուզելու հայկական արժէքները՝ բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ: Այս մասին «Արցախի վտանգուած ժառանգութիւնը. մարտահրաւէրների հանգոյցում» խորագրով համաժողովի ժամանակ յայտարարած է ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի (մարմնամարզութեան) նախարար Վահրամ Դումանեանը: Ան պարզաբանած է, որ Պաքուն այդպիսով կ’անտեսէ բարոյական եւ իրաւական չափանիշերը, որոնք երկար տարիներ մշակած է քաղաքակիրթ աշխարհը: «Մեր արժէքների համար պայքարի պատմական փորձը մեծ է՝ քոչուոր ցեղերի արշաւանքներից մինչեւ ՀԻն Ջուղայում եւ Ղարաբաղում եզակի խաչքարերի ոչնչացում: Այսօր մենք կրկին բախուում ենք նման բնոյթի լուրջ սպառնալիքի»,-աւելցուցած է Դումանեանը: Ան նկատած է, որ դժուար է խօսիլ մշակոյթի պահպանման մասին պետութեան մը հետ, որ բացայայտ կոչ կ’ընէ ոչնչացնելու հայկական մշակոյթը:
28 Ապրիլի 2021
3 ր. ընթերցում
Նախարար. Պաքուն բացայայտ կոչ կ'ընէ փլուզելու հայկական արժէքները բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ

Պաքուն բացայայտ կոչ կ’ընէ փլուզելու հայկական արժէքները՝ բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ: Այս մասին «Արցախի վտանգուած ժառանգութիւնը. մարտահրաւէրների հանգոյցում» խորագրով համաժողովի ժամանակ յայտարարած է ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի (մարմնամարզութեան) նախարար Վահրամ Դումանեանը:

Ան պարզաբանած է, որ Պաքուն այդպիսով կ’անտեսէ բարոյական եւ իրաւական չափանիշերը, որոնք երկար տարիներ մշակած է քաղաքակիրթ աշխարհը: «Մեր արժէքների համար պայքարի պատմական փորձը մեծ է՝ քոչուոր ցեղերի արշաւանքներից մինչեւ ՀԻն Ջուղայում եւ Ղարաբաղում եզակի խաչքարերի ոչնչացում: Այսօր մենք կրկին բախուում ենք նման բնոյթի լուրջ սպառնալիքի»,-աւելցուցած է Դումանեանը:

Ան նկատած է, որ դժուար է խօսիլ մշակոյթի պահպանման մասին պետութեան մը հետ, որ բացայայտ կոչ կ’ընէ ոչնչացնելու հայկական մշակոյթը:

Դումանեանը աւելցուցած է, որ կազմակերպուած համաժողովն ուղղուած է հասարակութեան իրազեկուածութեան բարձրացման, խնդիրներու վերլուծութեան, ինչպէս նաեւ մշակութային ժառանգութեան ֆիզիքական ու տեղեկատուական անվտանգութեան ապահովման հարցով աշխատանքներուն:  

Փայլան պատասխանած է իրեն սպառնացող թուրք պատգամաւորին
Նախորդ նիւթը

Փայլան պատասխանած է իրեն սպառնացող թուրք պատգամաւորին

Ալիեւը յայտարարած է Հայաստանի հետ սահմանին ենթակառուցուածքի ստեղծման մասին
Յաջորդ նիւթը

Ալիեւը յայտարարած է Հայաստանի հետ սահմանին ենթակառուցուածքի ստեղծման մասին

ԱնցնիլՎեր