Փայլան պատասխանած է իրեն սպառնացող թուրք պատգամաւորին

Թուրքիոյ խորհրդարանի ընդդիմադիր քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան (ԺԴԿ-HDP) հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը արձագանգած է իր հասցէին սպառնալիքներ հնչեցուցած թուրք անկախ պատգամաւոր Ումիթ Օզտաղի գրառման: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber-ը։ «Ժողովուրդս բնաջնջելու մտածելակերպը կրող թափթփուկը կ՝ըսէ ՝ կրկին կ՝ընենք (կը բնաջնջենք-խմբ.): Դուք կրակեցի՞ք ու մենք չմահացա՞նք: Մահացանք: Սակայն, անոնք, որոնք մնացած են, չեն դադրեցուցած արդարութեան համար մղուող պայքարը եւ ինձմէ յետոյ ալ պիտի չի դադրեցնեն,- ըսած է Փայլան՝ շարունակելով,- Այս երկրի բարեխիղճ մեծամասնութիւնը ասպարէզը պիտի չի ձգէ քեզի պէս ֆաշիստներուն եւ չի ալ ձգեր…»: Իբրեւ աջակցութիւն Փայլանի՝ կուսակցական շարք մը գործիչներ հանդէս եկած են Օզտաղը քննադատող յայտարարութիւններով: Յիշեցնենք, որ Օզտաղը անդրադառնալով
28 Ապրիլի 2021
2 ր. ընթերցում
Փայլան պատասխանած է իրեն սպառնացող թուրք պատգամաւորին

Թուրքիոյ խորհրդարանի ընդդիմադիր քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան (ԺԴԿ-HDP) հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը արձագանգած է իր հասցէին սպառնալիքներ հնչեցուցած թուրք անկախ պատգամաւոր Ումիթ Օզտաղի գրառման: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber-ը։

«Ժողովուրդս բնաջնջելու մտածելակերպը կրող թափթփուկը կ՝ըսէ ՝ կրկին կ՝ընենք (կը բնաջնջենք-խմբ.):

Դուք կրակեցի՞ք ու մենք չմահացա՞նք: Մահացանք: Սակայն, անոնք, որոնք մնացած են, չեն դադրեցուցած արդարութեան համար մղուող պայքարը եւ ինձմէ յետոյ ալ պիտի չի դադրեցնեն,- ըսած է Փայլան՝ շարունակելով,- Այս երկրի բարեխիղճ մեծամասնութիւնը ասպարէզը պիտի չի ձգէ քեզի պէս ֆաշիստներուն եւ չի ալ ձգեր…»:

Իբրեւ աջակցութիւն Փայլանի՝ կուսակցական շարք մը գործիչներ հանդէս եկած են Օզտաղը քննադատող յայտարարութիւններով:

Յիշեցնենք, որ Օզտաղը անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցին առիթով Փայլանի Twitter-ի գրառման, վերջինիս սպառնացած է Թալէաթ փաշայի եղեռնագործութեամբ:

Աւելի քան 65 քոնկրէսական կոչ ըրած է Ներկայացուցիչներու պալատին 100 մլն տոլար օգնութիւն յատկացնելու Հայաստանին եւ Արցախին
Նախորդ նիւթը

Աւելի քան 65 քոնկրէսական կոչ ըրած է Ներկայացուցիչներու պալատին 100 մլն տոլար օգնութիւն յատկացնելու Հայաստանին եւ Արցախին

Նախարար. Պաքուն բացայայտ կոչ կ'ընէ փլուզելու հայկական արժէքները բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ
Յաջորդ նիւթը

Նախարար. Պաքուն բացայայտ կոչ կ’ընէ փլուզելու հայկական արժէքները բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ

ԱնցնիլՎեր