Նախիջեւանի հարցը օրակարգի վրայ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը յայտարարութիւն տարածած է Նախիջեւանի մէջ Ագուլիս բնակավայրի հայկական ջարդերու 100-րդ տարելիցի առնչութեամբ: Յայտարարութիւնը կը յիշատակէ Նախիջեւանի այդ բնակավայրին մէջ հայերու հանդէպ բռնութեան փաստը, Ագուլիսը աւերակի վերածելու հանգամանքը եւ Նախիջեւանի ամբողջական հայաթափումը, նաեւ տարիներ առաջ Ջուղայի հայկական խաչքարերու զանգուածային ոչնչացման հանգամանքը: Ատոր հետ մէկտեղ, այդ եղեռնագործութեան օրինակի ներքոյ Հայաստանի ԱԳՆ-ն յայտարարած է, որ հայ ժողովուրդը հաստատակամ է իր պատմական հայրենիքին մէջ ապրելու եւ զարգանալու իր իրաւունքը պաշտպանելու գործին մէջ: Պաշտօնական Երեւանը գործնականօրէն առաջին անգամն է, որ կ’անդրադառնայ Նախիջեւանի Ագուլիս բնակավայրին մէջ հայերու ջարդին, Նախիջեւանի հայաթափման եւ պատմական հայրենիքիի մէջ ապրելու եւ զարգանալու հաստատակամութեան:    
26 Դեկտեմբերի 2019
2 ր. ընթերցում
Նախիջեւանի հարցը օրակարգի վրայ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը յայտարարութիւն տարածած է Նախիջեւանի մէջ Ագուլիս բնակավայրի հայկական ջարդերու 100-րդ տարելիցի առնչութեամբ: Յայտարարութիւնը կը յիշատակէ Նախիջեւանի այդ բնակավայրին մէջ հայերու հանդէպ բռնութեան փաստը, Ագուլիսը աւերակի վերածելու հանգամանքը եւ Նախիջեւանի ամբողջական հայաթափումը, նաեւ տարիներ առաջ Ջուղայի հայկական խաչքարերու զանգուածային ոչնչացման հանգամանքը:

Ատոր հետ մէկտեղ, այդ եղեռնագործութեան օրինակի ներքոյ Հայաստանի ԱԳՆ-ն յայտարարած է, որ հայ ժողովուրդը հաստատակամ է իր պատմական հայրենիքին մէջ ապրելու եւ զարգանալու իր իրաւունքը պաշտպանելու գործին մէջ:

Պաշտօնական Երեւանը գործնականօրէն առաջին անգամն է, որ կ’անդրադառնայ Նախիջեւանի Ագուլիս բնակավայրին մէջ հայերու ջարդին, Նախիջեւանի հայաթափման եւ պատմական հայրենիքիի մէջ ապրելու եւ զարգանալու հաստատակամութեան:  

 

Ուշադրութեան կեդրոն է Հոկտեմբեր 27-ի դատական գործը
Նախորդ նիւթը

Ուշադրութեան կեդրոն է Հոկտեմբեր 27-ի դատական գործը

ՌԱԿ-ի ամանորեայ նուէրը Եղեգնուտի փոքրիկներուն
Յաջորդ նիւթը

ՌԱԿ-ի ամանորեայ նուէրը Եղեգնուտի փոքրիկներուն

ԱնցնիլՎեր