25 Յունուար 2021
Ձերդ Գերազանցութիւն Ճոզէֆ Ռ. Պայտըն Կրտսեր
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ
Սպիտակ Տուն
Ամերիկայի Հայոց Իրաւունքներու Խորհուրդը (ԱՀԻԽ) կը շնորհաւորէ Ձեզ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու 46-րդ Նախագահ ընտրուելու առթիւ:
Ձեր հարուստ քաղաքական փորձառութիւնը, Ձեր ազնուութիւնը եւ նուիրումը՝ միացնելու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդը այս դժուար ժամանակներուն, մեզի լաւատեսութիւն կու տայ, որ այս երկիրը պիտի բժշկուի եւ բարգաւաճի վերստին Ձեր ղեկավարութեամբ եւ առաջնորդութեամբ, բոլոր ամերիկացիները հնարաւորութիւն պիտի ունենան ապրելու աւելի լաւ կեանք՝ աւելի ապահով եւ խաղաղ միջավայրի մէջ:
Արտաքին յարաբերութիւններու մասով, յոյս ունինք, որ Ձեր վարչակազմը պիտի ընէ հնարաւորը՝ ջանասիրաբար լուծելու Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախ) հակամարտութիւնը՝ յարգելով ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համաձայնութիւնները եւ բոլոր ջանքերը գործադրելով պատերազմին խաղաղ լուծում գտնելու համար: Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուին իրենց պատերազմական յանցագործութիւններուն եւ միջազգային իրաւունքի խախտումներուն համար:
Մենք՝ որպէս հայ-ամերիկացի քաղաքացիներ, նշանակալի ներդրում ունեցած ենք ամերիկեան քաղաքակրթութեան մէջ՝ մշակութային, տնտեսական, գիտական եւ քաղաքական ուղիներով: Պիտի աշխատինք մեր ընտրեալ պաշտօնեաներուն հետ՝ պաշտպանելու եւ զօրացնելու ժողովրդավարութեան սկզբունքները Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն եւ արտասահմանին մէջ:
Համոզուած ենք, որ պիտի ընէք հնարաւորը՝ օգնելու Հայաստանին եւ Արցախին մնալ անկախ եւ երաշխաւորելու, որ ինքնորոշման իրենց իրաւունքը եւ խաղաղութեամբ ապրելու իրաւունքը յարգուի եւ պահպանուի՝ այդպիսով ապահովելով աւելի կայուն եւ բարգաւաճ տարածաշրջան Հարաւային Կովկասի մէջ:
Կը մաղթենք Ձեզ բարի առողջութիւն, մեծ համբերութիւն եւ մեծ յաջողութիւն՝ Ձեր նախագահութեան ընթացքին եւ անկէ ետք:
Հարգանքներով՝
ԱՀԻԽ Վարչական Խորհուրդ
Արեւմտեան Շրջան