Ռուսաստանն ԱՄՆ-ն մեղադրած է ցոյցերու կազմակերպման մէջ

ՌԴ Արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտարարած են, որ ԱՄՆ-ը կը խրախուսէ չարտօնուած հանրահաւաքները իր տարածքին՝ Ռուսաստանը զսպելու ամերիկեան ռազմավարութեան շրջածիրէն ներս։ Այս մասին ըսուած է գերատեսչութեան դիմատետրեան էջին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ։ Մոսկուան կոչ ըրած է Ուաշինկթընին դադրեցնելու միջամտութիւնն օտարերկրեայ պետութիւններու ներքին գործերուն։ «Ռուսաստանի ներքին գործերուն ԱՄՆ-ի կոպիտ միջամտութիւնն այնքան հաստատուած ճշմարտութիւն է, որքան իրենց ֆէյք նորութիւնները»,-նշած են Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն: Կը հաղորդուի նաեւ, որ ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթոնի Պլինքընի կողմէ չարտօնուած գործողութիւններուն աջակցիլի աւելի կը հաստատէ Ուաշինկթընի անդրքուլիսային դերը։ Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ Պետական բաժանմումքի ղեկավար Պլինքընը դատապարտած էր յաջակցութիւն Նաւալնիի հանդէս եկող խաղաղ ցուցարարներու ու լրագրողներու նկատմամբ ռուսական իշխանութիւններու
1 Փետրվարի 2021
3 ր. ընթերցում
Ռուսաստանն ԱՄՆ-ն մեղադրած է ցոյցերու կազմակերպման մէջ

ՌԴ Արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտարարած են, որ ԱՄՆ-ը կը խրախուսէ չարտօնուած հանրահաւաքները իր տարածքին՝ Ռուսաստանը զսպելու ամերիկեան ռազմավարութեան շրջածիրէն ներս։ Այս մասին ըսուած է գերատեսչութեան դիմատետրեան էջին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ։

Մոսկուան կոչ ըրած է Ուաշինկթընին դադրեցնելու միջամտութիւնն օտարերկրեայ պետութիւններու ներքին գործերուն։

«Ռուսաստանի ներքին գործերուն ԱՄՆ-ի կոպիտ միջամտութիւնն այնքան հաստատուած ճշմարտութիւն է, որքան իրենց ֆէյք նորութիւնները»,-նշած են Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն: Կը հաղորդուի նաեւ, որ ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթոնի Պլինքընի կողմէ չարտօնուած գործողութիւններուն աջակցիլի աւելի կը հաստատէ Ուաշինկթընի անդրքուլիսային դերը։

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ Պետական բաժանմումքի ղեկավար Պլինքընը դատապարտած էր յաջակցութիւն Նաւալնիի հանդէս եկող խաղաղ ցուցարարներու ու լրագրողներու նկատմամբ ռուսական իշխանութիւններու որդեգրած կոշտ մարտավարութիւնը։

«Մինչեւ վերջ ալ մնաց Աղաւնօ գիւղին մէջ». Արցախեան 3 պատերազմներու մասնակից Կարինէին յուղարկաւորեցին զինուորական կարգով
Նախորդ նիւթը

«Մինչեւ վերջ ալ մնաց Աղաւնօ գիւղին մէջ». Արցախեան 3 պատերազմներու մասնակից Կարինէին յուղարկաւորեցին զինուորական կարգով

ARCA'S Executive Board Letter to the President of the United States Of America
Յաջորդ նիւթը

ՆԱՄԽ-ի Վարչական Խորհուրդի Նամակը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահին՝ ԱՄՆ-ի Նախագահին Նամակը Արցախի Հայոց Ազգային Խորհուրդի Կողմէն

ԱնցնիլՎեր