Նիւ Եորքի մէջ մէկ շաբաթով «Պարէտային ժամ» յայտարարուած է

ԱՄՆ Նիւ Եորք քաղաքին մէջ այսօր երեկոյեան մեկնարկող պարէտային ժամը պիտի շարունակուի մինչեւ շաբթուայ վերջ: CNN-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին յայտարարած է Նիւ Եորքի քաղաքապետ Պիլ տե Պլազիոն: Պարէտային ժամ սահմանուած է ամէն օր 20:00-էն մինչեւ 05:00-ը: «Մենք չենք հանդուրժեր որեւէ բռնութիւն: Մենք չենք հանդուրժեր ոստիկաններու նկատմամբ յարձակումները: Մենք չենք հանդուրժեր ատելութեան սերմանումը»,- ըսած է Պլազիոն: Յիշեցնենք, որ ԱՄՆ շարք մը քաղաքներու մէջ պարէտային ժամ սահմանուած է՝ պայմանաւորուած սեւամորթ Ճորճ Ֆլոյտի սպանութենէն ետք փողոց դուրս եկած ցուցարարներու բազմութեամբ, որոնք նաեւ անկարգութիւններ եւ աւերածութիւններ կ’իրականացնեն փողոցներուն մէջ: Ճորճ Ֆլոյտ անունով սեւամորթ տղամարդը ձերբակալութեան ժամանակ խեղդամահ ըրած է Մինեապոլիսի ոստիկանութեան նախկին սպայ Տերեք Չաուվինը, որ այժմ ձերբակալուած է: Հազարաւոր ցուցարարներ տարբեր քաղաքներու մէջ կը պահանջեն խստագոյնս պատժել Չաուվինը:
3 Հունիսի 2020
3 ր. ընթերցում
Նիւ Եորքի մէջ մէկ շաբաթով «Պարէտային ժամ» յայտարարուած է

ԱՄՆ Նիւ Եորք քաղաքին մէջ այսօր երեկոյեան մեկնարկող պարէտային ժամը պիտի շարունակուի մինչեւ շաբթուայ վերջ: CNN-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին յայտարարած է Նիւ Եորքի քաղաքապետ Պիլ տե Պլազիոն:

Պարէտային ժամ սահմանուած է ամէն օր 20:00-էն մինչեւ 05:00-ը: «Մենք չենք հանդուրժեր որեւէ բռնութիւն: Մենք չենք հանդուրժեր ոստիկաններու նկատմամբ յարձակումները: Մենք չենք հանդուրժեր ատելութեան սերմանումը»,- ըսած է Պլազիոն:

Յիշեցնենք, որ ԱՄՆ շարք մը քաղաքներու մէջ պարէտային ժամ սահմանուած է՝ պայմանաւորուած սեւամորթ Ճորճ Ֆլոյտի սպանութենէն ետք փողոց դուրս եկած ցուցարարներու բազմութեամբ, որոնք նաեւ անկարգութիւններ եւ աւերածութիւններ կ’իրականացնեն փողոցներուն մէջ:

Ճորճ Ֆլոյտ անունով սեւամորթ տղամարդը ձերբակալութեան ժամանակ խեղդամահ ըրած է Մինեապոլիսի ոստիկանութեան նախկին սպայ Տերեք Չաուվինը, որ այժմ ձերբակալուած է: Հազարաւոր ցուցարարներ տարբեր քաղաքներու մէջ կը պահանջեն խստագոյնս պատժել Չաուվինը:

Վարակուածներու թիւով Հայաստանը տարածաշրջանին մէջ ամենավատ դիրքի վրայ
Նախորդ նիւթը

Վարակուածներու թիւով Հայաստանը տարածաշրջանին մէջ ամենավատ դիրքի վրայ

ԱՀԿ-ն կը զգուշացնէ COVID-19-ի երկրորդ «աւերիչ» ալիքի մասին
Յաջորդ նիւթը

ԱՀԿ-ն կը զգուշացնէ COVID-19-ի երկրորդ «աւերիչ» ալիքի մասին

ԱնցնիլՎեր