Ո՞վ է այդ Գանատան. Ֆրանսան, հանգիստ ձգեցէք մեզ. Իլհամ Ալիեւ

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը բաւականին կասկածելի յայտարարութիւններ կատարած է Գանատայի եւ Ֆրանսայի հասցէին: «Երբեմն երկիրները, որոնք կը գտնուին աշխարհի միւս ծայրը, կ’ընեն յայտարարութիւններ, որոնք կապուած են հակամարտութեան կամ Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունեցող գործընթացներու հետ: Այդ անթոյլատրելի է: Որպէս օրինակ՝ կրնամ բերել Գանատան: Վերջերս ինծի յայտնած են, որ Գանատայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած էր Ատրպէյճանի կապակցութեամբ, մեր ներքին գործերու վերաբերեալ: Ի՞նչ իրաւունքով: Ո՞վ անոր շնորհած է այդ իրաւունքը: Հնարաւո՞ր է՝ այն գերտէրութիւն է, կրնայ ըլլալ այն երկրորդ Լիւքսըմպըրկն է, յայտնուած է երկրորդ գերէերութիւն, իսկ մենք տեղեակ չենք: Թող զբաղուին իրենց գործերով»,-յայտարարած է Ալիեւը Ատրպէյճանական հեռուստատեսութեան տուած հարցազրոյցին ժամանակ: «Ես կը հերքեմ Ֆրանսայի
11 Մայիսի 2021
4 ր. ընթերցում
Ո՞վ է այդ Գանատան. Ֆրանսան, հանգիստ ձգեցէք մեզ. Իլհամ Ալիեւ

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը բաւականին կասկածելի յայտարարութիւններ կատարած է Գանատայի եւ Ֆրանսայի հասցէին:

«Երբեմն երկիրները, որոնք կը գտնուին աշխարհի միւս ծայրը, կ’ընեն յայտարարութիւններ, որոնք կապուած են հակամարտութեան կամ Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունեցող գործընթացներու հետ: Այդ անթոյլատրելի է: Որպէս օրինակ՝ կրնամ բերել Գանատան: Վերջերս ինծի յայտնած են, որ Գանատայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած էր Ատրպէյճանի կապակցութեամբ, մեր ներքին գործերու վերաբերեալ: Ի՞նչ իրաւունքով: Ո՞վ անոր շնորհած է այդ իրաւունքը: Հնարաւո՞ր է՝ այն գերտէրութիւն է, կրնայ ըլլալ այն երկրորդ Լիւքսըմպըրկն է, յայտնուած է երկրորդ գերէերութիւն, իսկ մենք տեղեակ չենք: Թող զբաղուին իրենց գործերով»,-յայտարարած է Ալիեւը Ատրպէյճանական հեռուստատեսութեան տուած հարցազրոյցին ժամանակ:

«Ես կը հերքեմ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնները: Մենք բազմիցս մեր պահանջները յայտնած ենք ֆրանսական կողմին, որպէսզի հանգիստ ձգեն մեզ: Գացէք եւ զբաղուեցէք ձեր գործերով: Ֆրանսայի Սենատի ներկայացուցիչը կը ժամանէ Երեւան, կը յայտարարէ, որ Ֆրանսայի Սենատը կը ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղը: Երբ մենք կը դիմենք Ֆրանսայի կառավարարական մարմիններուն այդ հարցով, մեր բողոքը կը յայտնենք, մեզի կը յորդորեն ուշադրութիւն չդարձնել, ըսելով, որ այդ օրէնսդիր մարմին է, որ չարտացոլեր իշխանութեան դիրքորոշումը: Լաւ, իսկ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նոյնպէս չարտացոլե՞ր կառավարութեան դիրքորոշումը: Այդ ի՞նչ յայտարարութիւններ են: Թող զբաղուին իրենց գործերով»,-շարունակած է վրդոված Ատրպէյճանի նախագահը:

Ատրպէյճան կը շարունակէ քրէական կեղծ գործեր յարուցել հայ գերիներուն դէմ
Նախորդ նիւթը

Ատրպէյճան կը շարունակէ քրէական կեղծ գործեր յարուցել հայ գերիներուն դէմ

ԱԺ նախագահ Արարատ Միրզոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը պաշտօնական այցով մեկնած է Լիթվա
Յաջորդ նիւթը

ԱԺ նախագահ Արարատ Միրզոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը պաշտօնական այցով մեկնած է Լիթվա

ԱնցնիլՎեր