«Ուղիղ բանակցութիւնները խաղաղութեան հասնելու միակ միջոցն են». Պլինքըն խօսած է Ալիեւի հետ

Պլինքըն 21 Մարտին հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Ալիեւի հետ` առաջարկելով Միացեալ Նահանգներու շարունակական աջակցութիւնը Հայաստանի հետ երկկողմ խաղաղ քննարկումներուն նպաստելու։ Այս մասին  յայտնած են Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն։ Պլինքըն քաջալերած է չլուծուած հարցերուն լուծում գտնելու եւ ընդգծած, որ չկայ ռազմական լուծում: Ան վերահաստատած է Լաչինի միջանցքի վերաբացման կարեւորութիւնը՝ նշելով, որ Միացեալ Նահանգները կ՛ակնկալէ շարունակական համագործակցութիւն խաղաղ գործընթացին մէջ: Հեռաձայնային զրոյցին մասին «Թուիթըր»ի իր էջին Պլինքըն գրած է հետեւեալը. «Այսօր խօսեցայ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի հետ` փոխանցելու աջակցութիւնս Հայաստանի հետ կայուն խաղաղութեան եւ այդ ջանքերուն նպաստելու մեր պատրաստակամութիւնը: Ուղիղ բանակցութիւնները միակ ուղին են` հասնելու տեւական եւ կայուն խաղաղութեան»:
22 Մարտի 2023
2 ր. ընթերցում
«Ուղիղ բանակցութիւնները խաղաղութեան հասնելու միակ միջոցն են». Պլինքըն խօսած է Ալիեւի հետ

Պլինքըն 21 Մարտին հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Ալիեւի հետ` առաջարկելով Միացեալ Նահանգներու շարունակական աջակցութիւնը Հայաստանի հետ երկկողմ խաղաղ քննարկումներուն նպաստելու։ Այս մասին  յայտնած են Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն։

Պլինքըն քաջալերած է չլուծուած հարցերուն լուծում գտնելու եւ ընդգծած, որ չկայ ռազմական լուծում: Ան վերահաստատած է Լաչինի միջանցքի վերաբացման կարեւորութիւնը՝ նշելով, որ Միացեալ Նահանգները կ՛ակնկալէ շարունակական համագործակցութիւն խաղաղ գործընթացին մէջ:

Հեռաձայնային զրոյցին մասին «Թուիթըր»ի իր էջին Պլինքըն գրած է հետեւեալը. «Այսօր խօսեցայ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի հետ` փոխանցելու աջակցութիւնս Հայաստանի հետ կայուն խաղաղութեան եւ այդ ջանքերուն նպաստելու մեր պատրաստակամութիւնը: Ուղիղ բանակցութիւնները միակ ուղին են` հասնելու տեւական եւ կայուն խաղաղութեան»:

100 Օրէ, որ աշխարհը լուռ կերպով կը հետեւի փոքր Արցախի շուրջ գոյացող զարգացումներուն. Արթուր Թովմասեան
Նախորդ նիւթը

100 Օրէ, որ աշխարհը լուռ կերպով կը հետեւի փոքր Արցախի շուրջ գոյացող զարգացումներուն. Արթուր Թովմասեան

Ուաշինկթըն անդրադարձած է Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի մէջ կատարուած վայրագութիւններուն
Յաջորդ նիւթը

Ուաշինկթըն անդրադարձած է Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի մէջ կատարուած վայրագութիւններուն

ԱնցնիլՎեր