Ուքրանիա կը պահանջէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի արտահերթ նիստ գումարել՝ միջուկային զէնքի վերաբերեալ Փութինի յայտարարութեան պատճառով

Ուքրանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը պահանջէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ գումարել Պելառուսիոյ մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան միջուկային զէնքի տեղակայման ծրագրերու պատճառով։ Աւելի վաղ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած էր, որ Մոսկուան եւ Մինսքը պայմանաւորուած են, չխախտելով միջազգային պարտաւորութիւնները, մարտավարական միջուկային զէնք տեղակայել Պելառուսիոյ մէջ: Փութին բացատրած է, որ Ռուսիան Պելառուսիոյ չի փոխանցեր իր միջուկային զէնքը, այլ կ’ընէ այն, ինչ կ’ընէր Միացեալ Նահանգները մէկ տասնամեակ շարունակ: Անոր խօսքով՝ Պելառուսիոյ մէջ մարտավարական միջուկային զէնքի պահեստարանի շինարարութիւնը պիտի աւարտվի 1 յուլիսին: «Կը պահանջենք անյապաղ այդ նպատակով հրաւիրել ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի արտահերթ նիստ։ Կը դիմենք «Եօթնեակի» եւ Եւրոպալան միութեան պետութիւններուն, որ զգուշացնեն Պելառուսիոյ իշխանութիւնները
27 Մարտի 2023
4 ր. ընթերցում
Ուքրանիա կը պահանջէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի արտահերթ նիստ գումարել՝ միջուկային զէնքի վերաբերեալ Փութինի յայտարարութեան պատճառով

Ուքրանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը պահանջէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ գումարել Պելառուսիոյ մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան միջուկային զէնքի տեղակայման ծրագրերու պատճառով։

Աւելի վաղ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած էր, որ Մոսկուան եւ Մինսքը պայմանաւորուած են, չխախտելով միջազգային պարտաւորութիւնները, մարտավարական միջուկային զէնք տեղակայել Պելառուսիոյ մէջ: Փութին բացատրած է, որ Ռուսիան Պելառուսիոյ չի փոխանցեր իր միջուկային զէնքը, այլ կ’ընէ այն, ինչ կ’ընէր Միացեալ Նահանգները մէկ տասնամեակ շարունակ: Անոր խօսքով՝ Պելառուսիոյ մէջ մարտավարական միջուկային զէնքի պահեստարանի շինարարութիւնը պիտի աւարտվի 1 յուլիսին:

«Կը պահանջենք անյապաղ այդ նպատակով հրաւիրել ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի արտահերթ նիստ։ Կը դիմենք «Եօթնեակի» եւ Եւրոպալան միութեան պետութիւններուն, որ զգուշացնեն Պելառուսիոյ իշխանութիւնները հեռահար հետեւանքներու մասին, եթէ համաձայնին իրենց տարածքին մէջ Ռուսիայէն մարտավարական միջուկային զէնք ընդունիլ», — նշուած է Ուքրանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան կայքին մէջ տարածած յայտարարութեան մէջ։

Ուքրանիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը Պելառուսիոյ մէջ մարտավարական միջուկային զէնք տեղակայելու մտադրութեան մասին յայտարարութիւնը անուանած է՝ սադրիչ քայլ:

Ընտրողներու վստահութիւնը պարտաւորեցնող է. Փաշինեան գրառում կատարած է
Նախորդ նիւթը

Ընտրողներու վստահութիւնը պարտաւորեցնող է. Փաշինեան գրառում կատարած է

Ռուսիա սկսած է կանոնաւոր կերպով իրանեան «Շահետ»-ներ ստանալ. բրիտանական հետախուզութիւն
Յաջորդ նիւթը

Ռուսիա սկսած է կանոնաւոր կերպով իրանեան «Շահետ»-ներ ստանալ. բրիտանական հետախուզութիւն

ԱնցնիլՎեր