Ուքրանիոյ խորհրդարանին մէջ գրանցուած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յարգելու որոշման նախագիծ

Ուքրանիոյ խորհրդարանին մէջ արձանագրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յարգելու մասին որոշման նախագիծ: Ինչպէս կը յայտնէ AnalitikaUA.net-ը, «Ժողովուրդի ծառայ» կուսակցութենէն Ուքրանիոյ ժողովրդական պատգամաւոր Տարիա Վոլոտինայի օրէնսդրական նախաձեռնութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յարգելու վերաբերեալ արձանագրուած է 14 Փետրուարին (№ 3070, 02/14/2020): Ուքրանիոյ հայերու միութեան ղեկավար Վիլէն Շատուորեան իր մեկնաբանութեան մէջ պատգամաւորի նախաձեռնութիւնը անուանած է կարեւոր քայլ, որ կը վկայէ մարդասիրութեան, ճշմարտութեան եւ արդարութեան գաղափարներուն հետեւողական հաւատարմութեան մասին: Պարբերականը կը յիշեցնէ, որ սա վերջին 10 տարուան ընթացքին արդէն չորրորդ օրէնսդրական նախաձեռնութիւնն է: Վերջերս «Ժողովուրդի ծառայ» կուսակցութեան պատգամաւոր Անթոն Փոլեաքովը գրանցած էր հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ որոշման նախագիծը (№ 2376, 05.11.2019): 6
19 Փետրվարի 2020
4 ր. ընթերցում
Ուքրանիոյ խորհրդարանին մէջ գրանցուած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յարգելու որոշման նախագիծ

Ուքրանիոյ խորհրդարանին մէջ արձանագրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յարգելու մասին որոշման նախագիծ: Ինչպէս կը յայտնէ AnalitikaUA.net-ը, «Ժողովուրդի ծառայ» կուսակցութենէն Ուքրանիոյ ժողովրդական պատգամաւոր Տարիա Վոլոտինայի օրէնսդրական նախաձեռնութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յարգելու վերաբերեալ արձանագրուած է 14 Փետրուարին (№ 3070, 02/14/2020):

Ուքրանիոյ հայերու միութեան ղեկավար Վիլէն Շատուորեան իր մեկնաբանութեան մէջ պատգամաւորի նախաձեռնութիւնը անուանած է կարեւոր քայլ, որ կը վկայէ մարդասիրութեան, ճշմարտութեան եւ արդարութեան գաղափարներուն հետեւողական հաւատարմութեան մասին:

Պարբերականը կը յիշեցնէ, որ սա վերջին 10 տարուան ընթացքին արդէն չորրորդ օրէնսդրական նախաձեռնութիւնն է: Վերջերս «Ժողովուրդի ծառայ» կուսակցութեան պատգամաւոր Անթոն Փոլեաքովը գրանցած էր հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ որոշման նախագիծը (№ 2376, 05.11.2019): 6 յունիս 2013-ին Ուքրանիոյ Գերագոյն Ռատան գրանցած էր 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին որոշման նախագիծը: №2254ա օրինագծի նախաձեռնողները Ուքրանիոյ ժողովրդական պատգամաւորներ Վիլէն Շաթուորեանը, Արսէն Աւաքովը եւ Նուէր Մխիթարեանն էին: Իսկ 3 Ապրիլի 2015-ին Գերագոյն Ռատան երկրորդ անգամ գրանցեց պատգամաւոր Վիթալի Պարվինէնքոյի` Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին որոշման նախագիծը (№ 2530, 04/03/2015 ): Այդ ժամանակ խորհրդարանի նախաձեռնութեան տասնեակ պատգամաւորներ միացած էին:

«Portraits d'hier et d'aujourd'hui». Արուեստագէտ Գլոտ Չաւուշի անհատական ցուցահանդէսը Լիոնի մէջ
Նախորդ նիւթը

«Portraits d’hier et d’aujourd’hui». Արուեստագէտ Գլոտ Չաւուշի անհատական ցուցահանդէսը Լիոնի մէջ

Քորոնա ժահրը «շատ վտանգաւոր իրավիճակ» կը ստեղծէ ամբողջ աշխարհի համար. ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար
Յաջորդ նիւթը

Քորոնա ժահրը «շատ վտանգաւոր իրավիճակ» կը ստեղծէ ամբողջ աշխարհի համար. ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար

ԱնցնիլՎեր