Ուքրանիոյ մէջ պատարագ մատուցուած է Սումկայիթի ջարդերու 33-րդ տարելիցի առթիւ

28 Փետրուարին Ուքրանիոյ մէջ պատարագ մատուցուած է Սումկայիթի ջարդերու 33-րդ տարելիցի կապակցութեամբ, հայկական եկեղեցիներու մէջ Սումկայիթի ջարդերու հայ զոհերու յիշատակին նուիրուած ծառայութիւն մատուցուած է։ Այս մասին կը հաղորդէ AnalitikaUA.net-ը: Պատարագ մատուցուած է Քիեւի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ՝ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Ուքրանիոյ պատրիարքարանի ղեկավար, եպիսկոպոս Մարկոս Յովհաննիսեանի ձեռամբ։ Պատարագին մասնակցած են Ուքրանիոյ Հայերու միութեան, Քիեւի համայնքի ներկայացուցիչները, Ուքրանիոյ մայրաքաղաքէն եւ յարակից  շրջաններէն Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հետեւորդները: Ամէն տարի Ուքրանիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչները տարբեր տարածաշրջաններու մէջ կ’իրականացնեն միջոցառումներ՝ նուիրուած Սումկայիթեան ողբերգութեան զոհերու յիշատակին:
1 Մարտի 2021
2 ր. ընթերցում
Ուքրանիոյ մէջ պատարագ մատուցուած է Սումկայիթի ջարդերու 33-րդ տարելիցի առթիւ

28 Փետրուարին Ուքրանիոյ մէջ պատարագ մատուցուած է Սումկայիթի ջարդերու 33-րդ տարելիցի կապակցութեամբ, հայկական եկեղեցիներու մէջ Սումկայիթի ջարդերու հայ զոհերու յիշատակին նուիրուած ծառայութիւն մատուցուած է։ Այս մասին կը հաղորդէ AnalitikaUA.net-ը:

Պատարագ մատուցուած է Քիեւի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ՝ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Ուքրանիոյ պատրիարքարանի ղեկավար, եպիսկոպոս Մարկոս Յովհաննիսեանի ձեռամբ։

Պատարագին մասնակցած են Ուքրանիոյ Հայերու միութեան, Քիեւի համայնքի ներկայացուցիչները, Ուքրանիոյ մայրաքաղաքէն եւ յարակից  շրջաններէն Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հետեւորդները:

Ամէն տարի Ուքրանիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչները տարբեր տարածաշրջաններու մէջ կ’իրականացնեն միջոցառումներ՝ նուիրուած Սումկայիթեան ողբերգութեան զոհերու յիշատակին:

Հայաստանի կարգ մը շրջաններուն մէջ ձիւնաբուք է
Նախորդ նիւթը

Հայաստանի կարգ մը շրջաններուն մէջ ձիւնաբուք է

Շուշիի Լիսագոր գիւղի բնակիչներն ամբողջութեամբ պիտի վերադառնան առաջիկայ երկու ամիսներուն. գիւղապետ
Յաջորդ նիւթը

Շուշիի Լիսագոր գիւղի բնակիչներն ամբողջութեամբ պիտի վերադառնան առաջիկայ երկու ամիսներուն. գիւղապետ

ԱնցնիլՎեր