Պաշտպանութեան բանակը թիրախ պիտի չդարձնէ Թալիշիստանն ու Լեզգիստանը. Արայիկ Յարութիւնեանի կոչը

Արցախի նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեան յայտարարած է, որ «Պաշտպանութեան բանակը, ի նշան մեր բարի կամքին, պիտի չթիրախաւորէ թշնամիի այն ռազմական կառոյցները, որոնք տեղակայուած են Թալիշիստանի եւ Լեզգիստանի մէջ»։ Այս մասին Յարութիւնեան գրած է դիմատետրի իր էջին, դիմելով թալիշ եւ լեզգի եղբայրներուն ու քոյրերուն: «Սիրելի՛ թալիշ եւ լեզգի եղբայրներ եւ քոյրեր, մենք ուշադիր կը հետեւինք Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունեցող ներքաղաքական զարգացումներուն, մասնաւորապէս` Ատրպէյճանի թալիշաբնակ եւ լեզգիաբնակ քաղաքներուն ու գիւղերուն օր ըստ օրէ աճող բողոքին, որոնցմով բնակչութիւնը կը պոյքոթէ բանակ զօրակոչուելու եւ Արցախի ու Հայաստանի դէմ պատերազմելու Ալիեւի հրամանը: Բողոքի ցոյցերու համար առիթ դարձած են թալիշ եւ լեզգի հարիւրաւոր զոհերու առկայութիւնը: Զիրենք որպէս
4 Հոկտեմբերի 2020
5 ր. ընթերցում
Պաշտպանութեան բանակը թիրախ պիտի չդարձնէ Թալիշիստանն ու Լեզգիստանը. Արայիկ Յարութիւնեանի կոչը

Արցախի նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեան յայտարարած է, որ «Պաշտպանութեան բանակը, ի նշան մեր բարի կամքին, պիտի չթիրախաւորէ թշնամիի այն ռազմական կառոյցները, որոնք տեղակայուած են Թալիշիստանի եւ Լեզգիստանի մէջ»։ Այս մասին Յարութիւնեան գրած է դիմատետրի իր էջին, դիմելով թալիշ եւ լեզգի եղբայրներուն ու քոյրերուն:

«Սիրելի՛ թալիշ եւ լեզգի եղբայրներ եւ քոյրեր, մենք ուշադիր կը հետեւինք Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունեցող ներքաղաքական զարգացումներուն, մասնաւորապէս` Ատրպէյճանի թալիշաբնակ եւ լեզգիաբնակ քաղաքներուն ու գիւղերուն օր ըստ օրէ աճող բողոքին, որոնցմով բնակչութիւնը կը պոյքոթէ բանակ զօրակոչուելու եւ Արցախի ու Հայաստանի դէմ պատերազմելու Ալիեւի հրամանը: Բողոքի ցոյցերու համար առիթ դարձած են թալիշ եւ լեզգի հարիւրաւոր զոհերու առկայութիւնը: Զիրենք որպէս կենդանի թիրախ օգտագործելու եւ այդ գործելակերպով անոնցմէ ազատելու ատրպէյճանական քաղաքական ցեղային գործելակերպը տասնամեակներու ընթացքին փոփոխութիւն չէ կրած»,- գրած է նախագահը:

Արայիկ Յարութիւնեան աւելցուցած է, որ Արցախը կարեւորութիւն կու տայ Ատրպէյճանի բնիկ ժողովուրդներու՝ թալիշներու եւ լեզգիներու՝ Արցախեան հիմնախնդրին խորապէս տիրապետելուն, ինչպէս նաեւ համակրանք ունենալնուն մշտական դրսեւորումները:

«Կ’ուզեմ հաւաստիացնել, որ մենք թալիշ եւ լեզգի ժողովուրդներու արդարացի պայքարի կողքին ենք եւ պատրաստ ենք բոլոր հնարաւոր միջոցներով նպաստել ձեր պայքարի վերջնանպատակին՝ անկախութեան ձեռքբերման: Պաշտպանութեան բանակը, ի նշան մեր բարի կամքին, պիտի չթիրախաւորէ թշնամիի այն ռազմական կառոյցները, որոնք տեղակայուած են Թալիշիստանի եւ Լեզգիստանի մէջ»,- նշած է Յարութիւնեան:

Շուշին կը հրթիռակոծուի. կան զոհեր եւ վիրաւորներ
Նախորդ նիւթը

Շուշին կը հրթիռակոծուի. կան զոհեր եւ վիրաւորներ

ԼՂ-ի մէջ պատերազմը հրահրած է Ատրպէյճանը, այն կ'ընթանայ Թուրքիոյ անթաքոյց աջակցութեամբ ու ներգրաւմամբ. Հոլլանտ
Յաջորդ նիւթը

ԼՂ-ի մէջ պատերազմը հրահրած է Ատրպէյճանը, այն կ’ընթանայ Թուրքիոյ անթաքոյց աջակցութեամբ ու ներգրաւմամբ. Հոլլանտ

ԱնցնիլՎեր