ԼՂ-ի մէջ պատերազմը հրահրած է Ատրպէյճանը, այն կ’ընթանայ Թուրքիոյ անթաքոյց աջակցութեամբ ու ներգրաւմամբ. Հոլլանտ

«Այն, ինչ տեղի կ’ունենայ, չի վերաբերիր միայն Հայաստանին, այլեւ ամբողջ տարածաշրջանին ու ամբողջ աշխարհին»: Այս մասին այսօր ֆրանսահայերու կազմակերպած հաւաքի ժամանակ յայտնած է Ֆրանսայի նախկին նախագահ՝ Ֆրանսուա Հոլլանտը: «Տարիներէ ի վեր ռազմական գործողութիւններ տեղի ունեցած են շփման գծին վրայ, բազմաթիւ զոհեր եղած են: Այսօր, սակայն, մենք այլեւս չենք կրնար խօսիլ շփման գիծի երկայնքով լարուածութեան մասին, որ կը վերաբերի զինծառայողներուն: Մենք հիմա կանգնած ենք պատերազմի առջեւ, այո՛, իսկական պատերազմի: Այդ պատերազմը հրահրուած է Ատրպէյճանի կողմէ: Ան կ’ընթանայ Թուրքիոյ անթաքոյց աջակցութեամբ ու ներգրաւմամբ: Թուրքիան զէնք տրամադրած է, նաեւ նիւթական աջակցութիւն: Հիմա ալ փաստեր կան, որ սուրիական գրոհայինները անցած են Թուրքիայով՝ մասնակցելու ԼՂ-ի
4 Հոկտեմբերի 2020
3 ր. ընթերցում
ԼՂ-ի մէջ պատերազմը հրահրած է Ատրպէյճանը, այն կ'ընթանայ Թուրքիոյ անթաքոյց աջակցութեամբ ու ներգրաւմամբ. Հոլլանտ

«Այն, ինչ տեղի կ’ունենայ, չի վերաբերիր միայն Հայաստանին, այլեւ ամբողջ տարածաշրջանին ու ամբողջ աշխարհին»: Այս մասին այսօր ֆրանսահայերու կազմակերպած հաւաքի ժամանակ յայտնած է Ֆրանսայի նախկին նախագահ՝ Ֆրանսուա Հոլլանտը:

«Տարիներէ ի վեր ռազմական գործողութիւններ տեղի ունեցած են շփման գծին վրայ, բազմաթիւ զոհեր եղած են: Այսօր, սակայն, մենք այլեւս չենք կրնար խօսիլ շփման գիծի երկայնքով լարուածութեան մասին, որ կը վերաբերի զինծառայողներուն: Մենք հիմա կանգնած ենք պատերազմի առջեւ, այո՛, իսկական պատերազմի: Այդ պատերազմը հրահրուած է Ատրպէյճանի կողմէ: Ան կ’ընթանայ Թուրքիոյ անթաքոյց աջակցութեամբ ու ներգրաւմամբ: Թուրքիան զէնք տրամադրած է, նաեւ նիւթական աջակցութիւն: Հիմա ալ փաստեր կան, որ սուրիական գրոհայինները անցած են Թուրքիայով՝ մասնակցելու ԼՂ-ի մէջ տեղի ունեցող պատերազմին»,- ըսած է Հոլլանտը:

Ան նշած է, որ Ֆրանսան պատասխանատուութեան իր բաժինը ունի, քանի որ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահող երկիր է: Հոլլանտի խօսքով՝ Ֆրանսան միւս համանախագահներու՝ Ռուսաստանի եւ ԱՄՆ-ի հետ պէտք է Թուրքիոյ պարտադրեն վերջ տալ միջամտութեան, նաեւ միջազգային պատժամիջոցներ կիրառեն:

Պաշտպանութեան բանակը թիրախ պիտի չդարձնէ Թալիշիստանն ու Լեզգիստանը. Արայիկ Յարութիւնեանի կոչը
Նախորդ նիւթը

Պաշտպանութեան բանակը թիրախ պիտի չդարձնէ Թալիշիստանն ու Լեզգիստանը. Արայիկ Յարութիւնեանի կոչը

Ռուսական կողմը մտահոգութիւն  յայտնած է քաղաքացիական բնակչութեան զոհերու թիւի աճի կապակցութեամբ
Յաջորդ նիւթը

Ռուսական կողմը մտահոգութիւն  յայտնած է քաղաքացիական բնակչութեան զոհերու թիւի աճի կապակցութեամբ

ԱնցնիլՎեր