Պաշտպանութեան բանակը Իշխանաձորի մէջ ծանր մարտեր կը մղէ. Արցախի նախագահի մամուլի խօսնակ

Արցախի պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները ծանր մարտեր կը մղեն հարաւային ուղղութեամբ` Իշխանաձորի հատուածին: «Արմէնբրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ այս մասին ըսած է Արցախի նախագահի մամուլի խօսնակ Վահրամ Պօղոսեանը: «Պաշտպանութեան բանակը այդ հատուածին այսօր շատ ծանր մարտեր կը մղէ ատրպէյճանական զինուժի դէմ»,- ըսած է Պօղոսեանը:   Արցախի նախագահի մամուլի խօսնակը նշած է, որ Արցախի հիւսիսային հատուածին մէջ հակառակորդը մէկ սանթիմեթր առաջ չէ կրցած շարժիլ, հակառակը Ատրպէյճանի ԶՈՒ-ին հասցուած է կենդանի ուժի եւ ռազմական սարքերու բաւականին մեծ կորուստներ: «Իրականութեան մէջ մենք վճռական ժամանակահատուած կ’ապրինք, եւ իմ կոչն ու յորդորն է մեր ժողովուրդին` միասնաբար յաղթահարենք այս կարեւոր փորձութիւնը։ Այսօր մեզի առաջին հերթին պէտք է բոլորի մասնակցութիւնն
20 Հոկտեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
Պաշտպանութեան բանակը Իշխանաձորի մէջ ծանր մարտեր կը մղէ. Արցախի նախագահի մամուլի խօսնակ

Արցախի պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները ծանր մարտեր կը մղեն հարաւային ուղղութեամբ` Իշխանաձորի հատուածին: «Արմէնբրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ այս մասին ըսած է Արցախի նախագահի մամուլի խօսնակ Վահրամ Պօղոսեանը:

«Պաշտպանութեան բանակը այդ հատուածին այսօր շատ ծանր մարտեր կը մղէ ատրպէյճանական զինուժի դէմ»,- ըսած է Պօղոսեանը:
 

Արցախի նախագահի մամուլի խօսնակը նշած է, որ Արցախի հիւսիսային հատուածին մէջ հակառակորդը մէկ սանթիմեթր առաջ չէ կրցած շարժիլ, հակառակը Ատրպէյճանի ԶՈՒ-ին հասցուած է կենդանի ուժի եւ ռազմական սարքերու բաւականին մեծ կորուստներ:

«Իրականութեան մէջ մենք վճռական ժամանակահատուած կ’ապրինք, եւ իմ կոչն ու յորդորն է մեր ժողովուրդին` միասնաբար յաղթահարենք այս կարեւոր փորձութիւնը։ Այսօր մեզի առաջին հերթին պէտք է բոլորի մասնակցութիւնն ու պատասխանատւութեան զգացումը»,- եզրափակած է Պօղոսեանը:

Եւս 19 զոհ. Հայ նահատակներու թիւը հասաւ 728-ի
Նախորդ նիւթը

Եւս 19 զոհ. Հայ նահատակներու թիւը հասաւ 728-ի

Ֆրանսայի Վիէն քաղաքի համայնքային խորհուրդը միաձայն ընդունած է Արցախի ճանաչման բանաձեւ
Յաջորդ նիւթը

Ֆրանսայի Վիէն քաղաքի համայնքային խորհուրդը միաձայն ընդունած է Արցախի ճանաչման բանաձեւ

ԱնցնիլՎեր