Ֆրանսայի Վիէն քաղաքի համայնքային խորհուրդը միաձայն ընդունած է Արցախի ճանաչման բանաձեւ

Ֆրանսայի Վիէն քաղաքի համայնքային խորհուրդը 19 հոկտեմբերին միաձայն ընդունած է Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման բանաձեւը: Այս մասին դիմատետրի իր էջին գրած է Վիէնի` հայազգի փոխքաղաքապետ Լեւոն Սաքունցը։ «Պատերազմական իրավիճակը նկարագրելէ եւ 2014 թուականէն ի վեր Հատրութ-Վիէն կապը հաստատելէ ետք համայնքային խորհուրդը անգամ մը եւս կը յայտնէ իր աջակցութիւնը այս հակամարտութեան պատճառով տուժած խաղաղ բնակչութեան եւ կը դիմէ Ֆրանսայի կառավարութեան՝ ճանչնալու Արցախի  Հանրապետութիւնը: Խորհուրդի ընթացքին ընդունուած է նաեւ յատկացնել 5000 եւրօ դրամական օգնութիւն պատերազմի հետեւանքով տարհանուած բնակչութեան համար»,- գրած է Սաքունց։
20 Հոկտեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
Ֆրանսայի Վիէն քաղաքի համայնքային խորհուրդը միաձայն ընդունած է Արցախի ճանաչման բանաձեւ

Ֆրանսայի Վիէն քաղաքի համայնքային խորհուրդը 19 հոկտեմբերին միաձայն ընդունած է Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման բանաձեւը: Այս մասին դիմատետրի իր էջին գրած է Վիէնի` հայազգի փոխքաղաքապետ Լեւոն Սաքունցը։

«Պատերազմական իրավիճակը նկարագրելէ եւ 2014 թուականէն ի վեր Հատրութ-Վիէն կապը հաստատելէ ետք համայնքային խորհուրդը անգամ մը եւս կը յայտնէ իր աջակցութիւնը այս հակամարտութեան պատճառով տուժած խաղաղ բնակչութեան եւ կը դիմէ Ֆրանսայի կառավարութեան՝ ճանչնալու Արցախի  Հանրապետութիւնը:

Խորհուրդի ընթացքին ընդունուած է նաեւ յատկացնել 5000 եւրօ դրամական օգնութիւն պատերազմի հետեւանքով տարհանուած բնակչութեան համար»,- գրած է Սաքունց։

Պաշտպանութեան բանակը Իշխանաձորի մէջ ծանր մարտեր կը մղէ. Արցախի նախագահի մամուլի խօսնակ
Նախորդ նիւթը

Պաշտպանութեան բանակը Իշխանաձորի մէջ ծանր մարտեր կը մղէ. Արցախի նախագահի մամուլի խօսնակ

Հակառակորդի հերթական ոչնչացված ԱԹՍ ն
Յաջորդ նիւթը

Հակառակորդի հերթական ոչնչացված ԱԹՍ ն

ԱնցնիլՎեր