Պաշտօնական Պաքուն կ’ողջունէ հայ-թրքական բանակցութիւններու մեկնարկը

Պաշտօնական Պաքուն կ’ողջունէ հայ-թրքական բանակցութիւններու մեկնարկը՝ երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորելու նպատակով, ըսած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Խալաֆ Խալաֆովը։ Ան նշած է, որ ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմի աւարտին ընդունուած համատեղ յայտարարութիւններու եւ պայմանաւորուածութիւններու իրականացումը այլընտրանք չունի։ «Այսօր տարածաշրջանը պէտք է զարգանայ դէպի խաղաղութիւն եւ կայունութիւն։ Այս նպատակներուն ծառայող միակ ճանապարհը տարածաշրջանի երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումն է, թշնամանքէն հրաժարիլը, երկրիներու միջեւ վստահութեան ամրապնդումը, տնտեսական կապերու զարգացումը, հաղորդակցութիւններու բացումը եւ պետութիւններու միջեւ համագործակցութեան միջավայրի ձեւաւորումը: Ուստի մենք կ’ողջունենք եւ կ’աջակցինք Թուրքիոյ նախաձեռնած թուրք-հայկական շփումներու մեկնարկին», ըած է ան: լրատվամիջոցների: Արտաքին գործոց փոխնախարարը յոյս յայտնած է, որ հայ-թրքական երկխօսութեան մեկնարկը կ’արագացնէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի
18 Հունվարի 2022
3 ր. ընթերցում
Պաշտօնական Պաքուն կ'ողջունէ հայ-թրքական բանակցութիւններու մեկնարկը

Պաշտօնական Պաքուն կ’ողջունէ հայ-թրքական բանակցութիւններու մեկնարկը՝ երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորելու նպատակով, ըսած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Խալաֆ Խալաֆովը։

Ան նշած է, որ ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմի աւարտին ընդունուած համատեղ յայտարարութիւններու եւ պայմանաւորուածութիւններու իրականացումը այլընտրանք չունի։

«Այսօր տարածաշրջանը պէտք է զարգանայ դէպի խաղաղութիւն եւ կայունութիւն։ Այս նպատակներուն ծառայող միակ ճանապարհը տարածաշրջանի երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումն է, թշնամանքէն հրաժարիլը, երկրիներու միջեւ վստահութեան ամրապնդումը, տնտեսական կապերու զարգացումը, հաղորդակցութիւններու բացումը եւ պետութիւններու միջեւ համագործակցութեան միջավայրի ձեւաւորումը: Ուստի մենք կ’ողջունենք եւ կ’աջակցինք Թուրքիոյ նախաձեռնած թուրք-հայկական շփումներու մեկնարկին», ըած է ան: լրատվամիջոցների:

Արտաքին գործոց փոխնախարարը յոյս յայտնած է, որ հայ-թրքական երկխօսութեան մեկնարկը կ’արագացնէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը եւ եռակողմ յայտարարութենէն բխող պարտաւորութիւններու կատարումը։

Ռուս խաղաղապահները մէկ օրուայ մէջ ապահոված են աւելի քան 500 մեքենայի եւ մօտ 2000 մարդու անվտանգ մուտքը Լեռնային Ղարաբաղ
Նախորդ նիւթը

Ռուս խաղաղապահները մէկ օրուայ մէջ ապահոված են աւելի քան 500 մեքենայի եւ մօտ 2000 մարդու անվտանգ մուտքը Լեռնային Ղարաբաղ

Գառնիի տաճարը ներառուած է հռոմէական կայսրութեան օրով կառուցուած աշխարհի լաւագոյն յուշարձաններու ցանկին մէջ
Յաջորդ նիւթը

Գառնիի տաճարը ներառուած է հռոմէական կայսրութեան օրով կառուցուած աշխարհի լաւագոյն յուշարձաններու ցանկին մէջ

ԱնցնիլՎեր