Պատուաստուած զբօսաշրջիկները եւս Վրաստան մտնելու ժամանակ պէտք է PCR քննութիւն ունենան

Վրաստան մուտքի ժամանակ բոլոր զբօսաշրջիկները պէտք է PCR քննութեան բացասական  պատասխանով փաստաթուղթ ունենան: Կը հաղորդէ Aliq.ge-ն։  Կարգը պիտի գործէ ինչպէս ցամաքային սահմաններուն, այնպէս ալ օդակայաններուն մէջ: Նախապէս այցելուները միայն պատուաստման ամբողջական դեղաչափի ընդունման մասին տեղեկանք կը ներկայացնէին: Ինչ կը վերաբերի չպատուաստուած օտարերկրացիներուն, անոնք նոյնպէս կրնան Վրաստան երթալ ցամաքային ու օդային ուղիներով, ունենալով քննութեան բացասական պատասխանի մասին փաստաթուղթ, երկրին մէջ գտնուելու 3-րդ օրը պարտաւոր են կրկնակի քննութիւն յանձնել վրաստանեան բժշկական կեդրոններէն մէկուն մէջ: Վրաստան բացասական քննութեան թուղթով կրնան այցելել ԵՄ-ի, Ռուսաստանի, Պելառուսիոյ, Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Ուքրանիոյ, Ղազախստանի, Թուրքիոյ, Իսրայէլի, Զուիցերիոյ, Պահրէյնի, ԱՄՆ-ի, Մեծ Բրիտանիոյ, Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարի, Թուրքմենստանի, Ուզպեկստանի, Տաճիկստանի, Ղրղզստանի, Գանատայի,
1 Հունիսի 2021
4 ր. ընթերցում
Պատուաստուած զբօսաշրջիկները եւս Վրաստան մտնելու ժամանակ պէտք է PCR քննութիւն ունենան

Վրաստան մուտքի ժամանակ բոլոր զբօսաշրջիկները պէտք է PCR քննութեան բացասական  պատասխանով փաստաթուղթ ունենան: Կը հաղորդէ Aliq.ge-ն։ 

Կարգը պիտի գործէ ինչպէս ցամաքային սահմաններուն, այնպէս ալ օդակայաններուն մէջ: Նախապէս այցելուները միայն պատուաստման ամբողջական դեղաչափի ընդունման մասին տեղեկանք կը ներկայացնէին:

Ինչ կը վերաբերի չպատուաստուած օտարերկրացիներուն, անոնք նոյնպէս կրնան Վրաստան երթալ ցամաքային ու օդային ուղիներով, ունենալով քննութեան բացասական պատասխանի մասին փաստաթուղթ, երկրին մէջ գտնուելու 3-րդ օրը պարտաւոր են կրկնակի քննութիւն յանձնել վրաստանեան բժշկական կեդրոններէն մէկուն մէջ:

Վրաստան բացասական քննութեան թուղթով կրնան այցելել ԵՄ-ի, Ռուսաստանի, Պելառուսիոյ, Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Ուքրանիոյ, Ղազախստանի, Թուրքիոյ, Իսրայէլի, Զուիցերիոյ, Պահրէյնի, ԱՄՆ-ի, Մեծ Բրիտանիոյ, Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարի, Թուրքմենստանի, Ուզպեկստանի, Տաճիկստանի, Ղրղզստանի, Գանատայի, Քուէյթի, Չինաստանի, Հարաւային Քորէայի, Մոլտովայի, Օմանի քաղաքացիները:

Երկիրը լքելու ժամանակ անոնք պարտադիր պէտք է ունենան երկրորդ քննութեան բացասական պատասխանը, հակառակ պարագային կը տուգանուին: Եթէ այցելուն Վրաստան գտնուելու ընթացքին հիւանդանայ «Քորոնա» ժահրով, անոր բուժման ծախսերը կը ծածկէ զբօսաշրջային ապահովագրութիւնը:

Յիշեցնենք` Վրաստանը 1 յունիսէն կը բանայ ցամաքային սահմանները այցելուներու համար:

Ես շատ դժուարութեամբ այս որոշումն ընդունած եմ. ԱԳ նախկին նախարար
Նախորդ նիւթը

Ես շատ դժուարութեամբ այս որոշումն ընդունած եմ. ԱԳ նախկին նախարար

Այլեւս չեմ կատարում ՀՀ ԱԳՆ մամուլի քարտուղարի պարտականութիւնները. Աննա Նաղտալեան
Յաջորդ նիւթը

Այլեւս չեմ կատարում ՀՀ ԱԳՆ մամուլի քարտուղարի պարտականութիւնները. Աննա Նաղտալեան

ԱնցնիլՎեր