Պաքուի մէջ մահափորձ կատարած են ատրպէյճանցի պատգամաւորի դէմ

Պաքուի մէջ մահափորձ կատարուած է Ատրպէյճանի Միլի Մեճլիսի (խորհրդարանի) պատգամաւոր Ֆազիլ Մուսթաֆայի դէմ։ Այս մասին գրած է Musavat.com կայքը։ Ըստ նախնական տեղեկութիւններու՝ անոր վրայ կրակած են, երբ ան դուրս կու գար իր տան մօտ գտնուող շուկայէն։ Նշուած է, որ պատգամաւորը ստացած է երկու հրազէնային վնասուածք՝ ոտքի եւ ուսի հատուածին։ Ինչպէս հաղորդած են տեղական լրատուամիջոցները, Ֆազիլ Մուսթաֆան տեղափոխուած է հիւանդանոց: Անոր կեանքին վտանգ չի սպառնար: Ատրպէյճանի Ներքին գործոց նախարարութիւնը հաստատած է պատգամաւորի վրայ յարձակման փաստը:  
29 Մարտի 2023
1 ր. ընթերցում
Պաքուի մէջ մահափորձ կատարած են ատրպէյճանցի պատգամաւորի դէմ

Պաքուի մէջ մահափորձ կատարուած է Ատրպէյճանի Միլի Մեճլիսի (խորհրդարանի) պատգամաւոր Ֆազիլ Մուսթաֆայի դէմ։ Այս մասին գրած է Musavat.com կայքը։

Ըստ նախնական տեղեկութիւններու՝ անոր վրայ կրակած են, երբ ան դուրս կու գար իր տան մօտ գտնուող շուկայէն։

Նշուած է, որ պատգամաւորը ստացած է երկու հրազէնային վնասուածք՝ ոտքի եւ ուսի հատուածին։

Ինչպէս հաղորդած են տեղական լրատուամիջոցները, Ֆազիլ Մուսթաֆան տեղափոխուած է հիւանդանոց: Անոր կեանքին վտանգ չի սպառնար:

Ատրպէյճանի Ներքին գործոց նախարարութիւնը հաստատած է պատգամաւորի վրայ յարձակման փաստը:

 

Խոսրովի անտառին մէջ կրկին նկատուած է Նէօ ընձառիւծը
Նախորդ նիւթը

Խոսրովի անտառին մէջ կրկին նկատուած է Նէօ ընձառիւծը

Կարմիր Խաչի ներկայացուցիչներ այցելած են Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներուն
Յաջորդ նիւթը

Կարմիր Խաչի ներկայացուցիչներ այցելած են Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներուն

ԱնցնիլՎեր