Պաքուն բողոքի նօթա յղած է Ուաշինկթընին՝ Արցախի ԱԳ նախարարի՝ ԱՄՆ այցի պատճառով

Պաշտօնական Պաքուն բողոքի նօթա յղած է Ուաշինկթընին՝ կապուած Արցախի ԱԳ նախարար Մասիս Մայիլեանի՝ ԱՄՆ կատարած այցելութեան հետ։ Rusarminfo-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի ԱԳՆ մամլոյ քարտուղար Լէյլա Ապտուլաեւան։ Անոր խօսքով՝ ԱՄՆ-ի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանը Պետական քարտուղարութեան փոխանցած է ատրպէյճանական կողմի բողոքը։   «Համապատասխան նամակներ ուղարկուած են ԱՄՆ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակին, ղեկավար կազմին, յանձնաժողովներու նախագահներուն, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահին»,- ըսած է ան: Յիշեցնենք, որ Մասիս Մայիլեանը նախօրէին ներկայ գտնուած է ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի նիստերու դահլիճէն ներս Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող H.R. 296 բանաձեւի քննարկման։ Քուէարկութեան աւարտէն ետք ան հնարաւորութիւն ունեցած է զրուցելու բանաձեւի համահեղինակներ Ֆրենք Փալոունի եւ Աննա
31 Հոկտեմբերի 2019
2 ր. ընթերցում
Պաքուն բողոքի նօթա յղած է Ուաշինկթընին՝ Արցախի ԱԳ նախարարի՝ ԱՄՆ այցի պատճառով

Պաշտօնական Պաքուն բողոքի նօթա յղած է Ուաշինկթընին՝ կապուած Արցախի ԱԳ նախարար Մասիս Մայիլեանի՝ ԱՄՆ կատարած այցելութեան հետ։

Rusarminfo-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի ԱԳՆ մամլոյ քարտուղար Լէյլա Ապտուլաեւան։ Անոր խօսքով՝ ԱՄՆ-ի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանը Պետական քարտուղարութեան փոխանցած է ատրպէյճանական կողմի բողոքը։  

«Համապատասխան նամակներ ուղարկուած են ԱՄՆ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակին, ղեկավար կազմին, յանձնաժողովներու նախագահներուն, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահին»,- ըսած է ան:

Յիշեցնենք, որ Մասիս Մայիլեանը նախօրէին ներկայ գտնուած է ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի նիստերու դահլիճէն ներս Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող H.R. 296 բանաձեւի քննարկման։ Քուէարկութեան աւարտէն ետք ան հնարաւորութիւն ունեցած է զրուցելու բանաձեւի համահեղինակներ Ֆրենք Փալոունի եւ Աննա Էշուի հետ եւ  երախտագիտութիւն յայտնելու անոնց։

 Լիլիան Քէշիշեանը ընտրուած է Ուրուկուէյի Սենաթի անդամ
Նախորդ նիւթը

 Լիլիան Քէշիշեանը ընտրուած է Ուրուկուէյի Սենաթի անդամ

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը այցելեց ՀՀ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Պրն. Զարեհ Սինանեանին
Յաջորդ նիւթը

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը այցելեց ՀՀ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Պրն. Զարեհ Սինանեանին

ԱնցնիլՎեր