Պաքուն յայտնած է Հայաստանին ներկայացուած առաջարկներու 5 կէտերը

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հինգ հիմնական սկզբունքները քանի մը օր առաջ միջնորդներու միջոցով փոխանցուած են Երեւանին: ԱՊԱ գործակալութեան հաղորդմամբ՝ այս մասին ըսած է Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամլոյ քարտուղար՝ Լէյլա Ապտուլլաեւան։ «Երկու երկիրները կարող են այս սկզբունքներու հիման վրայ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքել ուժգին, բովանդակային, առարկայական բանակցութիւններու միջոցով»,- ըսած է Ապտուլլաեւան։ Ան նշած է ՀՀ-ին առաջարկուած 5 կէտերը, որոնք են՝ • Ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան, սահմաններու անձեռնմխելիութեան եւ իրարու քաղաքական անկախութեան փոխադարձ ճանաչում: • Պետութիւններու իրարու նկատմամբ տարածքային պահանջներու բացակայութեան եւ ապագային նման պահանջներ չներկայացնելու իրաւական պարտաւորութեան փոխադարձ հաստատում: • Զերծ մնալ միջպետական յարաբերութիւններուն մէջ իրարու անվտանգութեան սպառնացող, իրարու քաղաքական
14 Մարտի 2022
4 ր. ընթերցում
Պաքուն յայտնած է Հայաստանին ներկայացուած առաջարկներու 5 կէտերը

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հինգ հիմնական սկզբունքները քանի մը օր առաջ միջնորդներու միջոցով փոխանցուած են Երեւանին: ԱՊԱ գործակալութեան հաղորդմամբ՝ այս մասին ըսած է Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամլոյ քարտուղար՝ Լէյլա Ապտուլլաեւան։

«Երկու երկիրները կարող են այս սկզբունքներու հիման վրայ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքել ուժգին, բովանդակային, առարկայական բանակցութիւններու միջոցով»,- ըսած է Ապտուլլաեւան։

Ան նշած է ՀՀ-ին առաջարկուած 5 կէտերը, որոնք են՝

• Ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան, սահմաններու անձեռնմխելիութեան եւ իրարու քաղաքական անկախութեան փոխադարձ ճանաչում:

• Պետութիւններու իրարու նկատմամբ տարածքային պահանջներու բացակայութեան եւ ապագային նման պահանջներ չներկայացնելու իրաւական պարտաւորութեան փոխադարձ հաստատում:

• Զերծ մնալ միջպետական յարաբերութիւններուն մէջ իրարու անվտանգութեան սպառնացող, իրարու քաղաքական անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան դէմ սպառնալիք եւ ուժ կիրառելէ, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան նպատակներուն անհամատեղելի այլ գործողութիւններէ:

• Սահմանազատում եւ սահմանագծում եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատում:

• Փոխադրային եւ այլ հաղորդակցութիւններու բացում, այլ հաղորդակցութիւններու հաստատում եւ համագործակցութիւն փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ոլորտներուն մէջ։

Հայաստանը դիմած է ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահութեան՝ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու առնչութեամբ
Նախորդ նիւթը

Հայաստանը դիմած է ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահութեան՝ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու առնչութեամբ

Էտմոն Մարուքեան նշանակուած է յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան
Յաջորդ նիւթը

Էտմոն Մարուքեան նշանակուած է յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան

ԱնցնիլՎեր