Պլինքըն կը կարծէ, որ Ռուսաստանի նպատակը Խորհրդային Միութեան կարգերը վերականգնելն է

ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթոնի Պլինքըն կը կարծէ, որ Ռուսաստանի նպատակը Խորհրդային Միութեան կարգերը վերականգնելն է, ինչ որ Ուաշինկթընի համար անընդունելի է։ Ամերիկեան դիւանագիտութեան ղեկավարը պարզաբանած է, որ այդ կը նշանակէ Ռուսաստանի ազդեցութեան գօտիի վերականգնում 3ետխորհրդային երկիրներուն վրայ։ Պլինքըն յաւելած է, որ Ուաշինկթըն անընդունելի կը համարէ նման «ձգտումը»։ Սա առաջին դէպքը չէ, երբ ԱՄՆ-ի մէջ ենթադրութիւններ կ’ընեն Խորհրդային Միութիւնը վերականգնելու Ռուսաստանի ղեկավարութեան ենթադրեալ մտադրութեան մասին։ Այսպիսով՝ 2021 թուականի Դեկտեմբերին ԱՄՆ պետական քարտուղարի տեղակալ Վիքթորիա Նուլանտը ըսած էր, որ Վլատիմիր Փութինը «կը ձգտի վերստեղծել Խորհրդային Միութիւնը»։ Իր կարգին, Փութին ընդգծած էր, որ ԽՍՀՄ-ի վերականգնումը անիմաստ է եւ աննպատակայարմար շարք մը պատճառներով։
10 Հունվարի 2022
2 ր. ընթերցում
Պլինքըն կը կարծէ, որ Ռուսաստանի նպատակը Խորհրդային Միութեան կարգերը վերականգնելն է

ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթոնի Պլինքըն կը կարծէ, որ Ռուսաստանի նպատակը Խորհրդային Միութեան կարգերը վերականգնելն է, ինչ որ Ուաշինկթընի համար անընդունելի է։

Ամերիկեան դիւանագիտութեան ղեկավարը պարզաբանած է, որ այդ կը նշանակէ Ռուսաստանի ազդեցութեան գօտիի վերականգնում 3ետխորհրդային երկիրներուն վրայ։ Պլինքըն յաւելած է, որ Ուաշինկթըն անընդունելի կը համարէ նման «ձգտումը»։

Սա առաջին դէպքը չէ, երբ ԱՄՆ-ի մէջ ենթադրութիւններ կ’ընեն Խորհրդային Միութիւնը վերականգնելու Ռուսաստանի ղեկավարութեան ենթադրեալ մտադրութեան մասին։ Այսպիսով՝ 2021 թուականի Դեկտեմբերին ԱՄՆ պետական քարտուղարի տեղակալ Վիքթորիա Նուլանտը ըսած էր, որ Վլատիմիր Փութինը «կը ձգտի վերստեղծել Խորհրդային Միութիւնը»։

Իր կարգին, Փութին ընդգծած էր, որ ԽՍՀՄ-ի վերականգնումը անիմաստ է եւ աննպատակայարմար շարք մը պատճառներով։

Նման քայլերով Ատրպէյճանը չի կրնար սասանել արցախցիի վճռականութիւնը ապրելու եւ արարելու Արցախի մէջ. ԱՀ ԱԳՆ
Նախորդ նիւթը

Նման քայլերով Ատրպէյճանը չի կրնար սասանել արցախցիի վճռականութիւնը ապրելու եւ արարելու Արցախի մէջ. ԱՀ ԱԳՆ

ՄԻՊ-ը նամակ յղած է Google-ին՝ յորդորելով զերծ մնալ թուային քարտէզներէն Արցախի հայկական տեղանունները հեռացնելէ
Յաջորդ նիւթը

ՄԻՊ-ը նամակ յղած է Google-ին՝ յորդորելով զերծ մնալ թուային քարտէզներէն Արցախի հայկական տեղանունները հեռացնելէ

ԱնցնիլՎեր