Ռ.Ա.Կ.Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Այցելութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատուն

Երկուշաբթի 18 Դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութենէն պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետ եւ Ռ.Ա.Կ.Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ընկեր Տոքթ. Աւետիս Տագէսեանի, այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը: Պատուիրակութիւնը ընդունուեցաւ Լիբանանի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիար Վահագն Աթաբէկեանի կողմէ: Ժողովին մասնակցեցաւ նաեւ հիւպատոս Տիար Լէոնարտ Պետրոսեան Պատուիրակութիւնը պատուարժան դեսպանին փոխանցեց Ռ.Ա.Կ.Լիբանանի շրջանակի ողջոյնները: Քննարկուեցան Լիբանանի հայ համայնքը յուզող հիմնական հարցերը՝ տնտեսական տագնապը եւ շրջանի անկայունութիւնը: Հայաստանի հանրապետութեան աշխարհաքաղաքական վիճակը Արցախի բնակչութեան տեղահանութենէն ետք քննարկուեցաւ նաեւ: Պատուիրակութիւնը յոյս յայտնեց որ Հայրենիքը կը դիմագրաւէ ներկայի դժուարութիւնները: Ան գնահատեց այն յարաբերութեան մակարդակը որ գոյութիւն ունի Կուսակցութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութեան միջեւ: Ժողովի
19 Դեկտեմբերի 2023
4 ր. ընթերցում
Ռ.Ա.Կ.Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Այցելութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատուն

Երկուշաբթի 18 Դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութենէն պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետ եւ Ռ.Ա.Կ.Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ընկեր Տոքթ. Աւետիս Տագէսեանի, այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը: Պատուիրակութիւնը ընդունուեցաւ Լիբանանի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիար Վահագն Աթաբէկեանի կողմէ: Ժողովին մասնակցեցաւ նաեւ հիւպատոս Տիար Լէոնարտ Պետրոսեան Պատուիրակութիւնը պատուարժան դեսպանին փոխանցեց Ռ.Ա.Կ.Լիբանանի շրջանակի ողջոյնները:

Քննարկուեցան Լիբանանի հայ համայնքը յուզող հիմնական հարցերը՝ տնտեսական տագնապը եւ շրջանի անկայունութիւնը: Հայաստանի հանրապետութեան աշխարհաքաղաքական վիճակը Արցախի բնակչութեան տեղահանութենէն ետք քննարկուեցաւ նաեւ: Պատուիրակութիւնը յոյս յայտնեց որ Հայրենիքը կը դիմագրաւէ ներկայի դժուարութիւնները: Ան գնահատեց այն յարաբերութեան մակարդակը որ գոյութիւն ունի Կուսակցութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութեան միջեւ:

Ժողովի աւարտին շեշտուեցաւ Սփիւռք-Հայաստան համագործակցութեան կարեւորութիւնը տարբեր մարզերու մէջ: Սփիւռքի աշխատանքին հիմնական նպատակը Հայաստանի զարգացումն է ու դիմագրաւումը բոլոր մարտահրաւէրներուն: Պէտք է աշխատինք կազմակերպելու համար Սփիւռքը որպէս յենարան ապագայի ծաղկուն Հայաստանի:

Հաղորդագրություն` Հիշատակի Տուրք Սպիտակի Երկրաշարժի 35-րդ Տարելիցին
Նախորդ նիւթը

Հաղորդագրություն` Հիշատակի Տուրք Սպիտակի Երկրաշարժի 35-րդ Տարելիցին

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹՅՈՒՆ
Յաջորդ նիւթը

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹՅՈՒՆ

ԱնցնիլՎեր