Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանակի Պատգամաւորական Ժողովի Նախապատրաստական Աշխատանք

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանակի Պատգամաւորական ժողովի որպէս նախապատրաստութիւն Շրջանային վարչութիւնը սկսաւ ժողովներ գումարել շրջանակի ակումբներուն հետ: Պատգամաւորական ժողովը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 8 Հոկտեմբեր 2023-ին: Առաջին ժողովը գումարուեցաւ «Զարթոօնք» եւ «Յովսէփեան» ակումբներու անդամ ընկերներուն հետ Թէքէեան Կեդրոնին մէջ: Ժողովի բացումը կատարելով, Շրջանային վարչութեան ատենապետ ընկեր Տոքթ.Աւետիս Տագէսեան յայտարարեց, թէ ուրախ է յայտարարելու, թէ նոր էջ բացուած է մեր կուսակցութեան պատմութեան գիրքին մէջ: Անցեալը պիտի մոռնանք եւ պիտի լծուինք աշխատանքի Կուսակցութեան վերադարձնելու անցեալի իր բարքի օրերը: Ատենապետը յայտարարեց, թէ պիտի սկսինք ընտրելով նոր ղեկավարութիւն 8 Հոկտեմբերին տեղի ունենալիք Պատգամաւորական ժողովին: Իւրաքանչիւր ակումբ պէտք է ընտրէ իր պատգամաւորները որպէս նախապատրաստութիւն Պատգամաւորական
31 Օգոստոսի 2023
10 ր. ընթերցում
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանակի Պատգամաւորական Ժողովի Նախապատրաստական Աշխատանք

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանակի Պատգամաւորական ժողովի որպէս նախապատրաստութիւն Շրջանային վարչութիւնը սկսաւ ժողովներ գումարել շրջանակի ակումբներուն հետ: Պատգամաւորական ժողովը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 8 Հոկտեմբեր 2023-ին:

Առաջին ժողովը գումարուեցաւ «Զարթոօնք» եւ «Յովսէփեան» ակումբներու անդամ ընկերներուն հետ Թէքէեան Կեդրոնին մէջ: Ժողովի բացումը կատարելով, Շրջանային վարչութեան ատենապետ ընկեր Տոքթ.Աւետիս Տագէսեան յայտարարեց, թէ ուրախ է յայտարարելու, թէ նոր էջ բացուած է մեր կուսակցութեան պատմութեան գիրքին մէջ: Անցեալը պիտի մոռնանք եւ պիտի լծուինք աշխատանքի Կուսակցութեան վերադարձնելու անցեալի իր բարքի օրերը: Ատենապետը յայտարարեց, թէ պիտի սկսինք ընտրելով նոր ղեկավարութիւն 8 Հոկտեմբերին տեղի ունենալիք Պատգամաւորական ժողովին: Իւրաքանչիւր ակումբ պէտք է ընտրէ իր պատգամաւորները որպէս նախապատրաստութիւն Պատգամաւորական ժողովին: Զեկոյց կարդացուեցաւ երիտասարդական շարժումի եւ «Զարթօնք» օրաթերթի նոր խմբագրական կազմին մասին: Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու մարմինը լծուած է «Զարթօնք» օրաթերթի եւ երիտասարդական շարժումի աշխուժացումի աշխատանքին համագործակցութեամբ ընկեր Աւետիս Տագէսեանի: Իր բացման խօսքէն ետք ատենապետը առիթ տուաւ առաջարկներու ընկերներուն կողմէ: Առաջարկ կատարուեցաւ վերակենդանացնելու Թէքէեան Ուսանողաց շարժումը որպէս ապագայի ղեկավարներու պատրաստութեան դպրոց: Կուսակցութեան պայծառ օրերուն այդ շարժումը մեծ օժանդակութիւն ունէր Կուսակցութեան վերելքին մէջ:

Երկրորդ ժողովը գումարուեցաւ «Պայքար» եւ «Եկարեան» ակումբներու ընկերներուն հետ: Ժողովին ներկայ էին բազմաթիւ ընկերներ, որոնց դէմքին կար ժպիտ Կուսակցութեան միասնականութեան վերականգնումի առիթով: Ատենապետ ընկեր Տոքթ.Աւետիս Տագէսեան զեկուցեց նոր էջ բացուելու մասին ու նոր ղեկավարութիւն ընտրելու հրամայականին մասին: Ակումբներէն պահանջեց գումարել անդամական ժողով ընտրելու համար Պատգամաւորական ժողովի պատգամաւորները: Ապա առիթ տրուեցաւ աշխոյժ երկխօսութեան եւ առաջարկներու: եղան շատ շինիչ առաջարկներ յարգելի ընկերներէն ի փառս Կուսակցութեան եւ թէքէեան Մշակութային Միութեան: Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու մրամինին մէջ ընտրել Կուսակցութեան արժանի անդամներ այդ ձեւով օժանդակելու համար Միութեան վերելքին ու համագործակցութեան ամրապնդումին: դատական Ատեանի վերահաստատումը հրամայական է Կուսակցութեան վերադարձնելու համար օրինական աշխատանքի հոլովոյթը դաստիարակչական եւ օրինախախտում գնահատելու աշխատանքին համար: դատական Ատեանին գործը նաեւ դաստիարակել է որպէսզի անդամներ գիտնան Կուսակցութեան ծրագիր-կանոնագիրը եւ խախտում չկատարեն: առաջարկ կատարուեցաւ նաեւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան մարմիններու անդամներու ընտրութիւնը կատարել անդամաշարքին միջոցով գաղտնի քուէարկութեամբ, Միութեան վերադարձնելու համար իր անցեալի բարքի օրերը:

Ապագային Շրջանային վարչութիւնը նաեւ պիտի հանդիպի Փոթուգալեան ակումբի, Շուշան-Վարդենի ակումբի եւ Զահլէի շրջանի ընկերներուն հետ:

Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանակը արդէն սկսած է իր աշխատանքը վերակազմակերպումի եւ վերաշխուժացման համար: Ժամանակ եւ ջանք պէտք է: Յարգանք բոլոր մեր ընկերներուն որոնց աչքերուն մէջ մենք տեսանք յոյսը եւ պատրաստակամութիւնը լծուելու ազնիւ աշխատանքի ի փառս մեր Կուսակցութեան եւ ազնիւ ժողովուրդին:

Գոյժ՝ Ոչ Եւս Է Ազգային Բարերար Նազար Նազարեան
Նախորդ նիւթը

Գոյժ՝ Ոչ Եւս Է Ազգային Բարերար Նազար Նազարեան

Հոգեւոր  պետերը  եւ  քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները կոչ կ՛ուղղեն Արցախի զօրակցութեան  համատարած աշխատանքներ ծաւալելու
Յաջորդ նիւթը

Հոգեւոր պետերը եւ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները կոչ կ՛ուղղեն Արցախի զօրակցութեան համատարած աշխատանքներ ծաւալելու

ԱնցնիլՎեր