Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Այցելութիւն Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութենէն պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ Ռ.Ա.Կ.Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ընկեր Աւետիս Տագէսեանի, այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ:  Պատուիրակութիւնը Վեհափառ հայրապետին փոխանցեց Ռ.Ա.Կ.Կեդրոնական Վարչութեան ողջոյնները Ամանորի առիթով: Վարչութիւնը յայտարարեց, թէ պիտի շարունակէ իր մասնակցութիւնը բերել Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինին, որու մաս կը կազմեն երեք ազգային կուսակցութիւնները, երեք յարանուանութիւնները եւ երեք բարեսիրական միութիւնները: Արծարծուեցան հայութիւնը տագնապնեցնող հարցեր, ինչպէս Լիբանանի տնտեսական պայմանները, Հայաստանի եւ Արցախի քաղաքական վիճակը Արցախի երկրորդ պատերազմէն ետք եւ Կուսակցութեան ներքին վիճակը: Վեհափառը իր կարգին շեշտեց կարեւորութիւնը օժանդակելու մեր ազգի զաւակներուն, կառչած մնալու համար լիբանանեան հայրենիքին, որ շատ բան տուած է մեզի եւ պէտք չէ
24 Դեկտեմբերի 2020
4 ր. ընթերցում
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Այցելութիւն Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութենէն պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ Ռ.Ա.Կ.Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ընկեր Աւետիս Տագէսեանի, այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ: 

Պատուիրակութիւնը Վեհափառ հայրապետին փոխանցեց Ռ.Ա.Կ.Կեդրոնական Վարչութեան ողջոյնները Ամանորի առիթով: Վարչութիւնը յայտարարեց, թէ պիտի շարունակէ իր մասնակցութիւնը բերել Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինին, որու մաս կը կազմեն երեք ազգային կուսակցութիւնները, երեք յարանուանութիւնները եւ երեք բարեսիրական միութիւնները: Արծարծուեցան հայութիւնը տագնապնեցնող հարցեր, ինչպէս Լիբանանի տնտեսական պայմանները, Հայաստանի եւ Արցախի քաղաքական վիճակը Արցախի երկրորդ պատերազմէն ետք եւ Կուսակցութեան ներքին վիճակը:

Վեհափառը իր կարգին շեշտեց կարեւորութիւնը օժանդակելու մեր ազգի զաւակներուն, կառչած մնալու համար լիբանանեան հայրենիքին, որ շատ բան տուած է մեզի եւ պէտք չէ դասալիք ըլլանք: Այլ ձեռք-ձեռքի տալով պէտք է ոտքի կանգնինք եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն օժանդակենք, արժանապատիւ կեանքի պայմաններ ապահովելու համար իրենց: Հայաստանի պարագային՝ միասնականութեան պահպանումը ամենամեծ երաշխիքն է մեր յաջողութեան եւ այս տագնապը շրջանցելու ամենաքիչ վնասով:

Ժամէ մը աւելի տեւած ժողովի աւարտին, կողմերը խոստացան շարունակել հաղորդակցիլ, մեր ժողովուրդի առջեւ ծառացած բոլոր արգելքները շրջանցելու համար:

 

Թղթակցութիւն

Պէյրութ, 24 Դեկտեմբեր 2020

 

Արտակ Բեգլարեանը նշանակուած է ԱՀ Նախագահի աշխատակազմի ղեկավար
Նախորդ նիւթը

Արտակ Բեգլարեանը նշանակուած է ԱՀ Նախագահի աշխատակազմի ղեկավար

Սիւնիքի տարածքէն ոչ մէկ միլիմեթր զիջման մասին խօսք կրնայ ըլլալ. Վարչապետը անդրադարձաւ սահմանային իրավիճակին
Յաջորդ նիւթը

Սիւնիքի տարածքէն ոչ մէկ միլիմեթր զիջման մասին խօսք կրնայ ըլլալ. Վարչապետը անդրադարձաւ սահմանային իրավիճակին

ԱնցնիլՎեր