Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Այցելութիւն Արամ Ա.Կաթողիկոսին

Պէյրութ, 12 Սեպտեմբեր 2022        Ռ.Ա.Կ.Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Այցելութիւն Արամ Ա.Կաթողիկոսին             Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութենէն պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ Ռ.Ա.Կ.Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Ընկեր Տոքթ.Աւետիս Տագէսեանի, 12 Սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 11-ին այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.-ին, Պիքֆայայի վանքին մէջ:  Պատուիրակութիւնը շնորհաւորեց Վեհափառ հայրապետը Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի նախագահ ընտրուելուն ուրախ առիթով ու յաջողութիւն մաղթեց իրեն այս եկեղեցանուէր, կարեւոր պաշտօնին վրայ: Արծարծուեցան նաեւ հայութիւնը տագնապնեցնող հարցեր, ինչպէս Սփիւրքի վերակազմակերպումի մարտահրաւէրը եւ անոր գործնական քայլերը, Լիբանանի քաղաքական ու տնտեսական պայմանները, Հայաստանի եւ Արցախի քաղաքական վիճակը: Վեհափառը իր կարգին ներկայացուց իր տեսակէտը: Հայաստանի պարագային՝ միասնականութեան պահպանումը ամենամեծ երաշխիքն
14 Սեպտեմբերի 2022
4 ր. ընթերցում
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Այցելութիւն Արամ Ա.Կաթողիկոսին

Պէյրութ, 12 Սեպտեմբեր 2022

 

     Ռ.Ա.Կ.Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Այցելութիւն Արամ Ա.Կաթողիկոսին

           

Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութենէն պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ Ռ.Ա.Կ.Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Ընկեր Տոքթ.Աւետիս Տագէսեանի, 12 Սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 11-ին այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.-ին, Պիքֆայայի վանքին մէջ: 

Պատուիրակութիւնը շնորհաւորեց Վեհափառ հայրապետը Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի նախագահ ընտրուելուն ուրախ առիթով ու յաջողութիւն մաղթեց իրեն այս եկեղեցանուէր, կարեւոր պաշտօնին վրայ: Արծարծուեցան նաեւ հայութիւնը տագնապնեցնող հարցեր, ինչպէս Սփիւրքի վերակազմակերպումի մարտահրաւէրը եւ անոր գործնական քայլերը, Լիբանանի քաղաքական ու տնտեսական պայմանները, Հայաստանի եւ Արցախի քաղաքական վիճակը:

Վեհափառը իր կարգին ներկայացուց իր տեսակէտը: Հայաստանի պարագային՝ միասնականութեան պահպանումը ամենամեծ երաշխիքն է մեր յաջողութեան եւ այս տագնապը շրջանցելու ամենաքիչ վնասով: Վեհափառ հայրապետը շեշտեց խորհրդակցութեան կարեւորութիւնը ազգի բոլոր կառոյցներուն, հայրենիքի ու սփիւռքի միջեւ ճակատագրական որոշումներ կայացնելէ առաջ:

Ժողովի աւարտին, կողմերը խոստացան շարունակել հաղորդակցիլ, մեր ժողովուրդի առջեւ ծառացած բոլոր արգելքները շրջանցելու համար:

Իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանագծին «ծայրայեղ լարուած է»
Նախորդ նիւթը

Իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանագծին «ծայրայեղ լարուած է»

Այսօրուայ դրութեամբ հայկական կողմը 105 զոհ ունի
Յաջորդ նիւթը

Այսօրուայ դրութեամբ հայկական կողմը 105 զոհ ունի

ԱնցնիլՎեր