Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Այցելութիւնը Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքին

Ուրբաթ, 14 Օգոստոս 2020-ին, Ռ.Ա.Կ. նորանշանակ Լիբանանի Շրջանային Վարչութենէն պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ Ընկեր Աւետիս Տագէսեանի, այցելեց Գրիգոր Պետրոս Ի.Կապրոյեանին, Պատրիարք Կաթողիկէ Հայոց Տանն Կիլիկիոյ, Էշրեֆիէի պատրիարքարանին մէջ:  Ընկ. տոքթ. Աւետիս Տագէսեանի գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմէն Լիբանանի ՌԱԿ Շարջանային վարչութեան անդամ ընկերներ՝ տոքթ. Վիգէն Ասիլեանը, Վիգէն Թոսունեան, տոքթ. Ժոզէֆ Կրպոյեան եւ Վաչէ Տօներեան: Պատուիրակութիւնը Գերերջանիկ Տիրոջ փոխանցեց Ռ.Ա.Կ.Կեդրոնական Վարչութեան ողջոյնները եւ անվերապահ կեցուածքը՝ օժանդակելու մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որոնք ազդուեցան վերջերս Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութը հարուածած աղէտին պատճառով: Տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմնի գործունէութեան մասին: Կողմերը շեշտեցին լիբանանահայութեան օժանդակութեան ձեռք երկարելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի ան կարենայ դիմանալ այս դժուար պայմաններուն: Գերերջանիկ
15 Օգոստոսի 2020
7 ր. ընթերցում
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Այցելութիւնը Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքին

Ուրբաթ, 14 Օգոստոս 2020-ին, Ռ.Ա.Կ. նորանշանակ Լիբանանի Շրջանային Վարչութենէն պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ Ընկեր Աւետիս Տագէսեանի, այցելեց Գրիգոր Պետրոս Ի.Կապրոյեանին, Պատրիարք Կաթողիկէ Հայոց Տանն Կիլիկիոյ, Էշրեֆիէի պատրիարքարանին մէջ: 

Ընկ. տոքթ. Աւետիս Տագէսեանի գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմէն Լիբանանի ՌԱԿ Շարջանային վարչութեան անդամ ընկերներ՝ տոքթ. Վիգէն Ասիլեանը, Վիգէն Թոսունեան, տոքթ. Ժոզէֆ Կրպոյեան եւ Վաչէ Տօներեան:

Պատուիրակութիւնը Գերերջանիկ Տիրոջ փոխանցեց Ռ.Ա.Կ.Կեդրոնական Վարչութեան ողջոյնները եւ անվերապահ կեցուածքը՝ օժանդակելու մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որոնք ազդուեցան վերջերս Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութը հարուածած աղէտին պատճառով: Տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմնի գործունէութեան մասին: Կողմերը շեշտեցին լիբանանահայութեան օժանդակութեան ձեռք երկարելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի ան կարենայ դիմանալ այս դժուար պայմաններուն:

Գերերջանիկ Տէրը իր կարգին շեշտեց կարեւորութիւնը օժանդակելու մեր ազգի զաւակներուն, կառչած մնալու համար լիբանանեան հայրենիքին, որ շատ բան տուած է մեզի. Հետեւաբար, պէտք չէ դասալիք ըլլանք, այլ ձեռք-ձեռքի տալով պէտք է ոտքի կանգնինք եւ օժանդակենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն, իրենց արժանապատիւ կեանքի պայմաններ ապահովելու համար: Ան շեշտը դրաւ նաեւ այն հարցին վրայ, թէ երբ օժանդակութիւն կը կատարուի, անուններ պէտք չէ տրուին, պահելու համար իւրաքանչիւր հայորդիի արժանապատուութիւնը:

Ժողովի աւարտին, կողմերը խոստացան շարունակել հաղորդակցիլ, մեր ժողովուրդի առջեւ ծառացած բոլոր արգելքները շրջանցելու համար:

***

Նշենք, որ Երկուշաբթի 10 Օգոստոս 2020-ին, Ընկ. Տոքթ. Աւետիս Տագէսեանի գլխաւորած ՌԱԿ Լիբանանի նորանշանակ Շրջանային վարչութիւնը իր գումարած անդրանիկ ժողովին ընտրած էր վարչութեան դիւանի կազմը,  ըստ հետեւեալին՝

Ատենապետ՝ Տոքթ. Աւետիս Տագէսեան
Փոխ-Ատենապետ՝ Տոքթ. Վազգէն Ժամկոչեան
Ատենադպիր՝ Վիգէն Թոսունեան
Փոխ-Ատենադպիս Լեւոն Բարսեղեան
Գանձապահ՝ Ռաֆֆի Յովսէփեան
Խոհրդականներ՝  Տոքթ. Վիգէն Ասիլեան, Վաչէ Տօներեան, Տոքթ. Պօղոս Աստուրեան, Վահէ Արթինեան, Տոքթ. Ժոզէֆ Կրպոյեան եւ Վազգէն  Շահինեան:

Վարչութիւնը իր ժողովին կարեւոր տեղ տրամադրեց Լիբանանի տագնապին եւ անոր հետեւանքներուն, յատկապէս հայ գաղութի կարիքներուն հասնելու առումով քոյր կազմկաերպութիւններուն հետ համագործակցութեան հնարաւորութիւններուն:

Տաւուշեան մարտերու 71 մասնակիցներ պիտի պարգեւատրուին «Մարտական խաչ»ով, եւս մէկը՝ Ազգային հերոսի կոչմամբ
Նախորդ նիւթը

Տաւուշեան մարտերու 71 մասնակիցներ պիտի պարգեւատրուին «Մարտական խաչ»ով, եւս մէկը՝ Ազգային հերոսի կոչմամբ

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 41 701-ի
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 41 701-ի

ԱնցնիլՎեր