ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը այցելեց ՀՀ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Պրն. Զարեհ Սինանեանին

Երեքշաբթի՝ 21 Յունիս, 2022-ին, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը, վարչութեան ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեանի գլխաւորութեամբ այցելեց ՀՀ սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Պրն. Զարեհ Սինանեանին: Ընկ. Խարապեանի գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կազմեցին Կեդրոնական վարչութեան անդամներ՝  Ընկ. Յակոբ Անդրէասեան (Երուսաղէմ), Ընկ. Լեւոն Պըլըխեան (Երեւան), Ընկ. Նորայր Մկրտիչեան (Նիւ Եորք-Նիւ Ճըրզի), Ընկ. Վազգէն Էսքիճեան (Ֆրանսա), Ընկ. Փանիկ Քէշիշեան (Լոս Անճելըս), Ընկ. Հայկ Լեփեճեան (Աւստրալիա), ինչպէս նաեւ ԱԺ պատգամաւոր Պրն. Վիգէն Խաչատրեան: Հանդիպման, Գլխաւոր յանձնակատարը ողջունելով հիւրերը՝ շնորհաւորեց ՌԱԿ հիմնադրման 100-ամեակի առթիւ: Պրն. Սինանեան ընդգծեց, որ մեծ է ՌԱԿ-ի ներդրումը սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ հայապահպանութեան, հայկական շահերու պաշտպանութեան, համայնքներու զօրացման, Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման ուղղութիւններով, եւ անուրանալի
4 Հուլիսի 2022
5 ր. ընթերցում
ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը այցելեց ՀՀ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Պրն. Զարեհ Սինանեանին

Երեքշաբթի՝ 21 Յունիս, 2022-ին, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը, վարչութեան ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեանի գլխաւորութեամբ այցելեց ՀՀ սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Պրն. Զարեհ Սինանեանին:

Ընկ. Խարապեանի գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կազմեցին Կեդրոնական վարչութեան անդամներ՝  Ընկ. Յակոբ Անդրէասեան (Երուսաղէմ), Ընկ. Լեւոն Պըլըխեան (Երեւան), Ընկ. Նորայր Մկրտիչեան (Նիւ Եորք-Նիւ Ճըրզի), Ընկ. Վազգէն Էսքիճեան (Ֆրանսա), Ընկ. Փանիկ Քէշիշեան (Լոս Անճելըս), Ընկ. Հայկ Լեփեճեան (Աւստրալիա), ինչպէս նաեւ ԱԺ պատգամաւոր Պրն. Վիգէն Խաչատրեան:

Հանդիպման, Գլխաւոր յանձնակատարը ողջունելով հիւրերը՝ շնորհաւորեց ՌԱԿ հիմնադրման 100-ամեակի առթիւ:

Պրն. Սինանեան ընդգծեց, որ մեծ է ՌԱԿ-ի ներդրումը սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ հայապահպանութեան, հայկական շահերու պաշտպանութեան, համայնքներու զօրացման, Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման ուղղութիւններով, եւ անուրանալի է նաեւ կուսակցութեան գաղափարախօսութեան իրական նուիրեալներու առաքելութիւնը, որն է՝ ըլլալ հայրենիքի կողքին որեւէ պարագայի, նպաստել պետականութեան կայացման, պետութիւնը վեր դասել անձերէ եւ հանգամանքներէ:

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեան, շնորհակալութիւն յայտնելով Պրն. Սինանեանին, ընդգծեց անոր ղեկավարած կառոյցի կարեւորութիւնը, նշելով, որ Սփիւռքը կը մնայ Հայաստանի կարեւորագոյն եւ արժանահաւատ ուժերէն մին:

Այնուհետեւ ՌԱԿ ներկայացուցիչները ծանօթացան գրասենեակի գործունէութեան, ծրագիրներուն, նախաձեռնութիւններուն եւ պատրաստակամութիւն յայտենցին   աջակցելու սփիւռքի մէջ այդ ծրագիրերու տարածման գործին։ Երկար զրոյց ծաւալեցաւ նաեւ սփիւռքի մէջ առկայ խնդիրներու շուրջ:

ՌԱԿ Պատուիրակութիւնը տեսակցեցաւ ՀՀ Վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Պրն. Արայիկ Յարութիւնեանի հետ
Նախորդ նիւթը

ՌԱԿ Պատուիրակութիւնը տեսակցեցաւ ՀՀ Վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Պրն. Արայիկ Յարութիւնեանի հետ

ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան պատուիրակութեան հանդիպումը ՀՀ Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանին հետ
Յաջորդ նիւթը

ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան պատուիրակութեան հանդիպումը ՀՀ Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանին հետ

ԱնցնիլՎեր