ՌԱԿ Պատուիրակութիւնը տեսակցեցաւ ՀՀ Վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Պրն. Արայիկ Յարութիւնեանի հետ

Ռ.Ա.Կ.ի հիմնադրութեան 100-ամեակի տօնակատրութիւններու առթիւ օրերս Երեւան գտնուող ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամները պաշտօնական եւ գործնական շարք մը հանդիպումներ ունեցան պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ: Հինգշաբթի՝ 16 Յունիս 2022-ին, Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեան, Փոխատենապետներ՝ Ընկ. Յակոբ Անդրէասենի եւ Ընկ. Լեւոն Պըլըխեանի հետ միասին գործնական հանդիպում ունեցան ՀՀ Վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Պրն. Արայիկ Յարութիւնեանի հետ: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ ԱԺ պատգամաւոր Պրն. Վիգէն Խաչատրեանը: Հանդիպման ընթացքին ՌԱԿ ղեկավարները Պրն. Յարութիւնեանին ներկայացուցին 100-ամեակի առթիւ նախատեսուած տօնակտարութիւններու ծրագիրը եւ պաշտօնապէս հրաւերիցին կազմակերպուած ձեռնարկներուն: Նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ ՌԱԿ գործունէութեան, հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ միասնաբար իրականացուելիք գործնական ծրագիրներուն: Վարչապետի աշխատակազմի ղեկավարը շնորհակալութիւն յայտնեց եւ  յաջողութիւն մաղթեց ՌԱԿ
4 Հուլիսի 2022
3 ր. ընթերցում
ՌԱԿ Պատուիրակութիւնը տեսակցեցաւ ՀՀ Վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Պրն. Արայիկ Յարութիւնեանի հետ

Ռ.Ա.Կ.ի հիմնադրութեան 100-ամեակի տօնակատրութիւններու առթիւ օրերս Երեւան գտնուող ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամները պաշտօնական եւ գործնական շարք մը հանդիպումներ ունեցան պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ:

Հինգշաբթի՝ 16 Յունիս 2022-ին, Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեան, Փոխատենապետներ՝ Ընկ. Յակոբ Անդրէասենի եւ Ընկ. Լեւոն Պըլըխեանի հետ միասին գործնական հանդիպում ունեցան ՀՀ Վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Պրն. Արայիկ Յարութիւնեանի հետ: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ ԱԺ պատգամաւոր Պրն. Վիգէն Խաչատրեանը:

Հանդիպման ընթացքին ՌԱԿ ղեկավարները Պրն. Յարութիւնեանին ներկայացուցին 100-ամեակի առթիւ նախատեսուած տօնակտարութիւններու ծրագիրը եւ պաշտօնապէս հրաւերիցին կազմակերպուած ձեռնարկներուն: Նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ ՌԱԿ գործունէութեան, հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ միասնաբար իրականացուելիք գործնական ծրագիրներուն:

Վարչապետի աշխատակազմի ղեկավարը շնորհակալութիւն յայտնեց եւ  յաջողութիւն մաղթեց ՌԱԿ ներկայացուցիչներուն, իրենց տարած աշխատանքներուն եւ բարեյաջող իրականացում՝ 100-ամեակի ձեռնարկներուն։

Ռ.Ա.Կ. պատուիրակութիւնը այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն
Նախորդ նիւթը

Ռ.Ա.Կ. պատուիրակութիւնը այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը այցելեց ՀՀ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Պրն. Զարեհ Սինանեանին
Յաջորդ նիւթը

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը այցելեց ՀՀ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Պրն. Զարեհ Սինանեանին

ԱնցնիլՎեր