Ռ.Ա.Կ. պատուիրակութիւնը այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն

ՌԱԿ 100-ամեակի միջոցառումներու ծիրէն ներս, 24 Յունիս, 2022-ին, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ Ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեանի, այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան անունով ծաղկեպսակ դրուեցաւ յուշակոթողին: Կուսակցական ընկերները ծաղիկներ խոնարհեցին Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակի մօտ: Այնուհետեւ, Ծիծեռնակաբերդի պուրակին մէջ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան 100-ամեակի առթիւ ծառ տնկուեցաւ: Ապա Ծիծեռնակաբերդի յարակից տարածքին մէջ, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նախաձեռնութեամբ եւ ջանքերով կանաչապատուող տարածքին մէջ մեկնարկեց 300-400 ծառատունկի աշխատանքը, որ պիտի շարունակուի տարուայ ընթացքին: Այնուհետեւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան պատուիրակութիւնը այցելեց Եռաբլուր-պանթէոն` յարգանքի տուրք մատուցելու իրենց կեանքը Հայրենիքի անկախութեան համար զոհաբերած hայորդիներու յիշատակին: Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան
4 Հուլիսի 2022
5 ր. ընթերցում
Ռ.Ա.Կ. պատուիրակութիւնը այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն

ՌԱԿ 100-ամեակի միջոցառումներու ծիրէն ներս, 24 Յունիս, 2022-ին, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ Ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեանի, այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան անունով ծաղկեպսակ դրուեցաւ յուշակոթողին: Կուսակցական ընկերները ծաղիկներ խոնարհեցին Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակի մօտ:

Այնուհետեւ, Ծիծեռնակաբերդի պուրակին մէջ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան 100-ամեակի առթիւ ծառ տնկուեցաւ:

Ապա Ծիծեռնակաբերդի յարակից տարածքին մէջ, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նախաձեռնութեամբ եւ ջանքերով կանաչապատուող տարածքին մէջ մեկնարկեց 300-400 ծառատունկի աշխատանքը, որ պիտի շարունակուի տարուայ ընթացքին:

Այնուհետեւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան պատուիրակութիւնը այցելեց Եռաբլուր-պանթէոն` յարգանքի տուրք մատուցելու իրենց կեանքը Հայրենիքի անկախութեան համար զոհաբերած hայորդիներու յիշատակին:

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան անունով ծաղկեպսակ դրուեցաւ 21 սիւներէ բաղկացած յուշահամալիրի մօտ:

Այնուհետեւ, պատուիրակութեան անդամները այցելեցին Արցախի 44-օրեայ պատերազմին Շուշիի պաշտպանական մարտերուն ընթացքին նահատակուած ընկերոջ՝ Արցախի ՌԱԿ անդամ՝ Ընկ. Արտակ Աւագիմեանի շիրիմին, եւ տէրունական աղօթքէն ետք ծաղիկներ դրին անոր շիրիմին եւ Արցախեան պատերազմի հերոսներու շիրիմներուն:

Նշենք, որ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնը, օրերս, Ընկ. Արտակ Աւագիմեանը պարգեւարտրած էր յետ մահու «Արմենակ Եկարեան»ի անուան Մարտական յուշանուէրով:

 

Երուսաղէմ. ՌԱԿ ղեկավարութեան հանդիպումը ՀՀ ԱԺ պատգամաւորներու հետ
Նախորդ նիւթը

Երուսաղէմ. ՌԱԿ ղեկավարութեան հանդիպումը ՀՀ ԱԺ պատգամաւորներու հետ

ՌԱԿ Պատուիրակութիւնը տեսակցեցաւ ՀՀ Վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Պրն. Արայիկ Յարութիւնեանի հետ
Յաջորդ նիւթը

ՌԱԿ Պատուիրակութիւնը տեսակցեցաւ ՀՀ Վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Պրն. Արայիկ Յարութիւնեանի հետ

ԱնցնիլՎեր