ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը այցելեց ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան ընկերներ՝ ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեանի գլխաւորութեամբ այցելեցին ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին: Հանդիպման, Վարչապետը ողջունելով վարչական ընկերները, նշեց, որ ուրախ է ՌԱԿ ներկայացուցիչներու  հետ հերթական հանդիպման համար եւ կարեւորեց նման ձեւաչափով շփումները, քննարկումները: «Մեր վերջին հանդիպումը Ռամկավար ազատական կուսակցութեան ներկայացուցիչներու հետ տեղի ունեցաւ այս տարուան սեպտեմբերին, Լոս Անճելըսի մէջ՝ ԱՄՆ իմ այցի շրջագիծէն ներս: Մենք կը կաեւորենք հայ աւանդական կուսակցութիւններու, մասնաւորապէս, ՌԱԿ դերն ու գործունէութիւնը հայապահպանութեան, Հայաստան-Սփիւռք-Արցախ կապերու ամրապնդման գործին վերաբերեալ: Բարձր կը գնահատենք ՌԱԿ-ի դիրքորոշումը եւ աջակցութիւնը Հայաստանի մէջ տարբեր ոլորտներու մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն եւ կը կարեւորենք մեր երկխօսութեան շարունակումը», — ըսաւ Նիկոլ Փաշինեանը: ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեանը
1 Նոյեմբերի 2019
5 ր. ընթերցում
ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը այցելեց ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան ընկերներ՝ ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեանի գլխաւորութեամբ այցելեցին ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին:

Հանդիպման, Վարչապետը ողջունելով վարչական ընկերները, նշեց, որ ուրախ է ՌԱԿ ներկայացուցիչներու  հետ հերթական հանդիպման համար եւ կարեւորեց նման ձեւաչափով շփումները, քննարկումները: «Մեր վերջին հանդիպումը Ռամկավար ազատական կուսակցութեան ներկայացուցիչներու հետ տեղի ունեցաւ այս տարուան սեպտեմբերին, Լոս Անճելըսի մէջ՝ ԱՄՆ իմ այցի շրջագիծէն ներս: Մենք կը կաեւորենք հայ աւանդական կուսակցութիւններու, մասնաւորապէս, ՌԱԿ դերն ու գործունէութիւնը հայապահպանութեան, Հայաստան-Սփիւռք-Արցախ կապերու ամրապնդման գործին վերաբերեալ: Բարձր կը գնահատենք ՌԱԿ-ի դիրքորոշումը եւ աջակցութիւնը Հայաստանի մէջ տարբեր ոլորտներու մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն եւ կը կարեւորենք մեր երկխօսութեան շարունակումը», — ըսաւ Նիկոլ Փաշինեանը:

ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեանը կարեւորեց Հայաստանի վարչապետի հետ հանդիպումը, որ լաւ առիթ է մայր հայրենիքի հզօրացման ուղղութեամբ համատեղ ընելիքներու շուրջ միտքերու փոխանակումը շարունակելու համար: Ընկ. Խարապեան անգամ մը եւս յիշեցուց, որ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը զօրաւիգ է վարչապետ Փաշինեանին, Հայաստանի կառավարութեան եւ իր աջակցութիւնը վերահաստատեց Հայաստանի առաջընթացին միտուած լայնածաւալ բարեփոխումներուն ու ծրագիրներուն:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայապահպանութեան, Հայաստան-Սփիւռք-Արցախ կապերու սերտացման, հայ աւանդական կուսակցութիւններու գործունէութեան, կառավարութիւն-ՌԱԿ համագործակցութեան առնչուող հարցեր։

 

 

 

 

Թուրք քաղաքական գործիչը կ'առաջարկէ երեխաները անուանել Հայոց ցեղասպանութիւնը իրագործած ռազմական յանցագործներու պատուոյն
Նախորդ նիւթը

Թուրք քաղաքական գործիչը կ’առաջարկէ երեխաները անուանել Հայոց ցեղասպանութիւնը իրագործած ռազմական յանցագործներու պատուոյն

Այսօր ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեանի Ծննդեան տարեդարձն է
Յաջորդ նիւթը

Այսօր ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեանի Ծննդեան տարեդարձն է

ԱնցնիլՎեր