Թուրք քաղաքական գործիչը կ’առաջարկէ երեխաները անուանել Հայոց ցեղասպանութիւնը իրագործած ռազմական յանցագործներու պատուոյն

Թուրք քաղաքական գործիչները չեն կրնար ուշքի գալ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի ընդունումէն ետք: Ջղացնցման մասշտապները հասած են անոր, որ թուրք քաղաքական գործիչներէն մէկը առաջարկած է երեխաները անուանել Հայոց ցեղասպանութիւնը իրագործած յանցագործներու պատուոյն: Ան այդ առաջարկը արժանի «պատասխան» անուանած է: Ընդ որում, անոր չի յուզեր այն, որ թուրք երեխաները (նոյնիսկ աղջիկները) պիտի կրեն մարդոց անուններ, որոնք համաշխարհային պատմութեան մէջ «յայտնի են» որպէս առաջին ցեղասպանութեան կազմակերպիչներ եւ ռազմական յանցագործներ: Ազգայնական «Լաւ կուսակցութեան» ներկայացուցիչ Տաւուզ Աղըրալիօղլուն առաջարկած է Թուրքիոյ մէջ երեխաները անուանել Էնուէր, Ժեմալ եւ Թալէաթ փաշաներու պատուոյն: Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք Պոլսոյ մէջ ռազմական յանցագործութիւններու դատարանը Էնուէր եւ
1 Նոյեմբերի 2019
4 ր. ընթերցում
Թուրք քաղաքական գործիչը կ'առաջարկէ երեխաները անուանել Հայոց ցեղասպանութիւնը իրագործած ռազմական յանցագործներու պատուոյն

Թուրք քաղաքական գործիչները չեն կրնար ուշքի գալ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի ընդունումէն ետք: Ջղացնցման մասշտապները հասած են անոր, որ թուրք քաղաքական գործիչներէն մէկը առաջարկած է երեխաները անուանել Հայոց ցեղասպանութիւնը իրագործած յանցագործներու պատուոյն:

Ան այդ առաջարկը արժանի «պատասխան» անուանած է: Ընդ որում, անոր չի յուզեր այն, որ թուրք երեխաները (նոյնիսկ աղջիկները) պիտի կրեն մարդոց անուններ, որոնք համաշխարհային պատմութեան մէջ «յայտնի են» որպէս առաջին ցեղասպանութեան կազմակերպիչներ եւ ռազմական յանցագործներ:

Ազգայնական «Լաւ կուսակցութեան» ներկայացուցիչ Տաւուզ Աղըրալիօղլուն առաջարկած է Թուրքիոյ մէջ երեխաները անուանել Էնուէր, Ժեմալ եւ Թալէաթ փաշաներու պատուոյն:

Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք Պոլսոյ մէջ ռազմական յանցագործութիւններու դատարանը Էնուէր եւ Թալէաթ փաշաները մեղաւոր ճանչցած է հայերու զանգուածային սպանութիւնը կազմակերպելու համար:

«Մենք այդ որոշման կը պատասխանենք մեր երեխաները Էնուէր, Ժեմալ եւ Թալէաթ անուանելով»,- ըսած է Աղըրալիօղլուն՝ աւեցլելով, որ եթէ այդ «անպատեհութիւնը շարունակուի, ապա բոլորը պէտք է գիտնան, որ իրենց երեխաները, ներառեալ աղջիկները, պիտի անուանեն Թալէաթի պատուոյն»:

Նշենք, որ Թալէաթ իր յուշագրութիւններուն մէջ խոստովանած էր, որ հրամայած է սպանել հայերը՝ «ի շահ թուրք ժողովուրդի»:

Դպրոցներուն մէջ նախնական զինուորական պատրաստութիւնը լուրջ վերանայման կարիք ունի. ԿԳՄՍ նախարար
Նախորդ նիւթը

Դպրոցներուն մէջ նախնական զինուորական պատրաստութիւնը լուրջ վերանայման կարիք ունի. ԿԳՄՍ նախարար

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը այցելեց ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին
Յաջորդ նիւթը

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը այցելեց ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին

ԱնցնիլՎեր