ՌԱԿ 101-ամեակի նշում եւ պատուոգրերու յանձնում՝ Երուսաղէմի մէջ

Ուրբաթ, 30 Սեպտեմբերին, Հայ Երիտասարդաց Միութեան՝ Թէքէեան սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ  ՌԱԿ-ի 101-ամեակի նշումը, եւ ՌԱԿ 100-ամեակի առիթով Կեդրոնական Վարչութեան որոշումով շնորհուած պատուոգրերու յանձնումը՝ Երուսաղէմի շրջանակի կուսակցական ընկեր-ընկերուհիներուն։ Հայաստանի եւ ՌԱԿ-ի քայլերգներով բացուեցաւ հանդիսութիւնը, ապա բացման խօսքով հանդէս եկաւ Երուսաղէմի Շրջանային Վարչութեան ատենադպիր՝ ընկեր Սարօ Նագգաշեանը: Շնորհաւորանքի խօսքերով հանդէս եկան ՌԱԿ-ի Երուսաղէմի Վարչութեան Ատենապետ՝ Ընկեր Յակոբ Փանոսեանը եւ ՀԵՄ-ի ատենապետ ընկեր Սարգիս Ճռնազեանը։ ՌԱԿ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Փոխ-Ատենապետ՝ ընկեր Յակոբ Անդրէասեանը խօսք առնելով, ներկայացուց Կուսակցութեան 100-ամեակի առիթով Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած տօնակատարութեան մանրամասնութիւնները: Ան, Ընկեր Յակոբ Փանոսեանի հետ միասին կուսակցական ընկեր-ընկերուհիներուն յանձնեց Ռ.Ա.Կ. Կեդրոնական վարչութեան կողմէ ուղարկուած պատուոգրերը՝ անոնց երկարամեայ ազգանուէր եւ
3 Հոկտեմբերի 2022
3 ր. ընթերցում
ՌԱԿ 101-ամեակի նշում եւ պատուոգրերու յանձնում՝ Երուսաղէմի մէջ

Ուրբաթ, 30 Սեպտեմբերին, Հայ Երիտասարդաց Միութեան՝ Թէքէեան սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ  ՌԱԿ-ի 101-ամեակի նշումը, եւ ՌԱԿ 100-ամեակի առիթով Կեդրոնական Վարչութեան որոշումով շնորհուած պատուոգրերու յանձնումը՝ Երուսաղէմի շրջանակի կուսակցական ընկեր-ընկերուհիներուն։

Հայաստանի եւ ՌԱԿ-ի քայլերգներով բացուեցաւ հանդիսութիւնը, ապա բացման խօսքով հանդէս եկաւ Երուսաղէմի Շրջանային Վարչութեան ատենադպիր՝ ընկեր Սարօ Նագգաշեանը: Շնորհաւորանքի խօսքերով հանդէս եկան ՌԱԿ-ի Երուսաղէմի Վարչութեան Ատենապետ՝ Ընկեր Յակոբ Փանոսեանը եւ ՀԵՄ-ի ատենապետ ընկեր Սարգիս Ճռնազեանը։

ՌԱԿ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Փոխ-Ատենապետ՝ ընկեր Յակոբ Անդրէասեանը խօսք առնելով, ներկայացուց Կուսակցութեան 100-ամեակի առիթով Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած տօնակատարութեան մանրամասնութիւնները: Ան, Ընկեր Յակոբ Փանոսեանի հետ միասին կուսակցական ընկեր-ընկերուհիներուն յանձնեց Ռ.Ա.Կ. Կեդրոնական վարչութեան կողմէ ուղարկուած պատուոգրերը՝ անոնց երկարամեայ ազգանուէր եւ կուսակցանուէր աշխատանքի համար:

Աւարտին, տեղի ունեցաւ ՌԱԿ 101-ամեակի Կարկանդակի հատում։

 

 

 

 

 

 

Թղթակցութիւն

Նոյն Հաւատքով Եւ Վերանորոգ Ուխտով.. Դէպի Նոր 100-ամեակ
Նախորդ նիւթը

Նոյն Հաւատքով Եւ Վերանորոգ Ուխտով.. Դէպի Նոր 100-ամեակ

Անհրաժեշտ պատասխան՝ նախայարձակի համար հետեւանքներով. Փաշինեան հայ ռազմագերիներու գնդակահարման տեսանիւթի մասին
Յաջորդ նիւթը

Անհրաժեշտ պատասխան՝ նախայարձակի համար հետեւանքներով. Փաշինեան հայ ռազմագերիներու գնդակահարման տեսանիւթի մասին

ԱնցնիլՎեր