«Ռոմա»ն մտադիր է հրաւիրել Մխիթարեանը

«Ռոման» կը շարունակէ բանակցութիւնները Լոնտոնի «Արսէնալ»ի հետ Հենրիխ Մխիթարեանի վարձակալութիւնը երկարաձգելու վերաբերեալ: Այս մասին կը տեղեկացնէ sport24.ru-ը: Il Tempo-ի փոխանցմամբ՝ հռոմէական ակումբը կ’ուզէ վարձակալել 31-ամեայ հայ ֆութպոլիսթը եւս մէկ տարիով եւ պարտադիր գնման պայմանագիր կնքել՝ 2021 թուականի յունիսին: Այնուամենայնիւ, քանի որ Մխիթարեանի հետ պայմանագիրը ուժի մէջ է մինչեւ յաջորդ տարուան յունիսը, ան նախ պէտք է նոր պայմանագիր կնքէ «Արսէնալ»ի հետ, այնուհետեւ՝ «Ռոմա»ի հետ: Աւելի վաղ կը հաղորդուէր, որ Մխիթարեանը կրնայ դառնալ գործարքի մէկ մաս «Ռոմա»էն «Արսէնալ» տեղափոխելու համար, կիսապաշտպան Ճասթին Քլիւվերթի հետ:
26 Մայիսի 2020
2 ր. ընթերցում
«Ռոմա»ն մտադիր է հրաւիրել Մխիթարեանը

«Ռոման» կը շարունակէ բանակցութիւնները Լոնտոնի «Արսէնալ»ի հետ Հենրիխ Մխիթարեանի վարձակալութիւնը երկարաձգելու վերաբերեալ: Այս մասին կը տեղեկացնէ sport24.ru-ը:

Il Tempo-ի փոխանցմամբ՝ հռոմէական ակումբը կ’ուզէ վարձակալել 31-ամեայ հայ ֆութպոլիսթը եւս մէկ տարիով եւ պարտադիր գնման պայմանագիր կնքել՝ 2021 թուականի յունիսին:

Այնուամենայնիւ, քանի որ Մխիթարեանի հետ պայմանագիրը ուժի մէջ է մինչեւ յաջորդ տարուան յունիսը, ան նախ պէտք է նոր պայմանագիր կնքէ «Արսէնալ»ի հետ, այնուհետեւ՝ «Ռոմա»ի հետ:

Աւելի վաղ կը հաղորդուէր, որ Մխիթարեանը կրնայ դառնալ գործարքի մէկ մաս «Ռոմա»էն «Արսէնալ» տեղափոխելու համար, կիսապաշտպան Ճասթին Քլիւվերթի հետ:

«Արդարութիւն՝ Գուրգէն Մարգարեանի դատին». The Guardian-ի լայն անդրադարձը  
Նախորդ նիւթը

«Արդարութիւն՝ Գուրգէն Մարգարեանի դատին». The Guardian-ի լայն անդրադարձը  

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 7774-ի
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 7774-ի

ԱնցնիլՎեր