Ռոպերթ Քոչարեանի աջակիցը Մարտ 1-ի գործով տուժողին ցուցմունքէն հրաժարելու առաջարկ ըրած է (Տեսանիւթ)

Ռոպերթ Քոչարեանի աջակիցը Մարտ 1-ի գործով տուժողին ցուցմունքէն հրաժարելու առաջարկ ըրած է․ ոստիկանութիւնը լայնածաւալ հետախուզական միջոցառումներով եւ արդիւնքներով նախապատրաստուած նիւթերով փաստական տուեալներ ձեռք բերած է, որ Ռոպերթ Քոչարեանի աջակիցները հանդիպած են 2008 թուականի Մարտ 1-ի դէպքերէն տուժած անձանց եւ ականատես վկաներու հետ ու անոնց փորձած են կաշառել, որպէսզի վերջիններս հրաժարին իրենց ցուցմունքներէն։   Մասնաւորապէս, Ռոպերթ Քոչարեանի աջակիցներէն մէկը Քանաքեռ գտնուող իր գրասենեակ հրաւիրած է Մարտ 1-ի դէպքերէն տուժած անձերէն մէկը ու առաջարկած հրաժարիլ տուժողի կարգավիճակէն, տուած ցուցմունքէն եւ չներկայանալ դատական նիստերուն՝ յայտնելով, որ պատրաստ է վճարել այն գումարը, որ պէտք է պետութիւնը տրամադրէ որպէս դրամական աջակցութիւն։ Բացի այդ, խոստացած է,
20 Դեկտեմբերի 2019
3 ր. ընթերցում
Ռոպերթ Քոչարեանի աջակիցը Մարտ 1-ի գործով տուժողին ցուցմունքէն հրաժարելու առաջարկ ըրած է (Տեսանիւթ)

Ռոպերթ Քոչարեանի աջակիցը Մարտ 1-ի գործով տուժողին ցուցմունքէն հրաժարելու առաջարկ ըրած է․ ոստիկանութիւնը լայնածաւալ հետախուզական միջոցառումներով եւ արդիւնքներով նախապատրաստուած նիւթերով փաստական տուեալներ ձեռք բերած է, որ Ռոպերթ Քոչարեանի աջակիցները հանդիպած են 2008 թուականի Մարտ 1-ի դէպքերէն տուժած անձանց եւ ականատես վկաներու հետ ու անոնց փորձած են կաշառել, որպէսզի վերջիններս հրաժարին իրենց ցուցմունքներէն։

 

Մասնաւորապէս, Ռոպերթ Քոչարեանի աջակիցներէն մէկը Քանաքեռ գտնուող իր գրասենեակ հրաւիրած է Մարտ 1-ի դէպքերէն տուժած անձերէն մէկը ու առաջարկած հրաժարիլ տուժողի կարգավիճակէն, տուած ցուցմունքէն եւ չներկայանալ դատական նիստերուն՝ յայտնելով, որ պատրաստ է վճարել այն գումարը, որ պէտք է պետութիւնը տրամադրէ որպէս դրամական աջակցութիւն։

Բացի այդ, խոստացած է, որ անուանափոխութիւնէն ետք տուժողին պիտի նշանակեն բարձր պաշտօնի։

Դէպքի առթիւ ոստիկանութեան կողմէ քրէական գործ յարուցուած է։ Քրէական գործի շրջածիրէն ներս ի թիւս այլ գործողութիւններու կատարուած են խուզարկութիւններ։ Հանգամանքները քննութեամբ կը պարզուին։

 

Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպում պիտի չըլլայ
Նախորդ նիւթը

Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպում պիտի չըլլայ

Ոստիկանություն. Քոչարյանի աջակիցը մարտի 1-ի գործով տուժողին ցուցմունքից հրաժարվելու առաջարկ է արել
Յաջորդ նիւթը

Ոստիկանություն. Քոչարյանի աջակիցը մարտի 1-ի գործով տուժողին ցուցմունքից հրաժարվելու առաջարկ է արել

ԱնցնիլՎեր