Ռուսաստանը որոշած է ժամանակաւոր դադրեցնել հացահատիկի արտահանումը

Մաքսային ենթայանձնաժողովը հաւանութիւն տուած է Ռուսաստանի Դաշնութենէն ԵԱՏՄ երկիրներ հացահատիկային մշակաբոյսերու արտահանման ժամանակաւոր արգելք մտցնելու որոշման: Արգելքը պիտի գործէ մինչեւ 2022 թուականի Օգոստոս 31-ը ցորենի եւ մեսլինի, տարեկանի, գարիի եւ եգիպտացորենի համար: «Մարտ 10-ին, Ռուսաստանի Տնտեսական զարգացման եւ համալրման կառավարական յանձնաժողովի մաքսային եւ ոչ-սակագնային կարգաւորման, արտաքին առեւտուրի պաշտպանական միջոցառումներու ենթայանձնաժողովը որոշած է ժամանակաւոր արգիլել Ռուսաստանի Դաշնութենէն հացահատիկային մշակաբոյսերի արտահանում ԵԱՏՄ երկիրներ», կ’ըսուի զեկոյցին մէջ: Գերատեսչութեան մամուլի ծառայութենէն պարզաբանած են, որ համապատասխան առաջարկը ստացոած է Ռուսաստանի Գիւղատնտեսութեան նախարարութենէն: Նախարարութիւնը յիշեցուցած է, որ ԵԱՏՄ-էն դուրս հացահատիկի արտահանումը արդէն իսկ սահմանափակուած է մաքսային քութաներով եւ արտահանման մաքսատուրքերով, որոնք ներմուծուած են ներքին շուկային մէջ
12 Մարտի 2022
3 ր. ընթերցում
Ռուսաստանը որոշած է ժամանակաւոր դադրեցնել հացահատիկի արտահանումը

Մաքսային ենթայանձնաժողովը հաւանութիւն տուած է Ռուսաստանի Դաշնութենէն ԵԱՏՄ երկիրներ հացահատիկային մշակաբոյսերու արտահանման ժամանակաւոր արգելք մտցնելու որոշման: Արգելքը պիտի գործէ մինչեւ 2022 թուականի Օգոստոս 31-ը ցորենի եւ մեսլինի, տարեկանի, գարիի եւ եգիպտացորենի համար:

«Մարտ 10-ին, Ռուսաստանի Տնտեսական զարգացման եւ համալրման կառավարական յանձնաժողովի մաքսային եւ ոչ-սակագնային կարգաւորման, արտաքին առեւտուրի պաշտպանական միջոցառումներու ենթայանձնաժողովը որոշած է ժամանակաւոր արգիլել Ռուսաստանի Դաշնութենէն հացահատիկային մշակաբոյսերի արտահանում ԵԱՏՄ երկիրներ», կ’ըսուի զեկոյցին մէջ:

Գերատեսչութեան մամուլի ծառայութենէն պարզաբանած են, որ համապատասխան առաջարկը ստացոած է Ռուսաստանի Գիւղատնտեսութեան նախարարութենէն:

Նախարարութիւնը յիշեցուցած է, որ ԵԱՏՄ-էն դուրս հացահատիկի արտահանումը արդէն իսկ սահմանափակուած է մաքսային քութաներով եւ արտահանման մաքսատուրքերով, որոնք ներմուծուած են ներքին շուկային մէջ գիները կայունացնելու նպատակով:

Յարձակման ենթարկուած է ԱՀ Ազգային ժողովի «Ֆէյսպուքի» պաշտօնական էջը, տեղադրուած է Ատրպէյճանի դրօշը եւ կատարուած՝ սպառնալից գրառում
Նախորդ նիւթը

Յարձակման ենթարկուած է ԱՀ Ազգային ժողովի «Ֆէյսպուքի» պաշտօնական էջը, տեղադրուած է Ատրպէյճանի դրօշը եւ կատարուած՝ սպառնալից գրառում

Նոր խնդիրներ ի յայտ եկած են, որոնք պէտք է քննարկել. Արարատ Միրզոեանը՝ Սերկէյ Լաւրովին
Յաջորդ նիւթը

Նոր խնդիրներ ի յայտ եկած են, որոնք պէտք է քննարկել. Արարատ Միրզոեանը՝ Սերկէյ Լաւրովին

ԱնցնիլՎեր