Ռուսաստանի Զինուած ուժերը 2021 թուականին պիտի համալրուին ռատարներու համար անտեսանելի օդային ռումբով

Ռուսաստանի Զինուած ուժերը 2021 թուականին պիտի համալրուին նորագոյն «Տրել» (Дрель) օդային ռումբով: Այս մասին 9 մայիսին յայտարարած է ՌԴ փոխվարչապետ Եուրի Պորիսովը: «Փորձարկումներու արդիւնքները հաստատած են  «Տրել» օդային ռումբի մարտական արդիւնաւէտութիւնը»,- ըսած է Պորիսովը: Անոր խօսքով՝ օդային ռումբի ձեռքբերումը նախատեսուած է ընթացիկ տարուան՝ պետական պաշտպանական պատուէրի շրջածիրէն ներս, ինչպէս նաեւ 2022-2023 թուականներուն: Պորիսովն աւելի վաղ յայտնած էր, որ նորագոյն օդային ռումբով պիտի զինուին մարտավարական օդանաւային երթեւեկութեան օդանաւերը: Ռուսաստանի մէջ նոր օդային ռումբի մշակման մասին յայտնի դարձած էր 2016 թուականի սեպտեմբերին: Ծրագրաւորողի տեղեկութիւններով՝ այն ունակ է արձակումէն ետք ինքնուրոյն թռիլ մինչեւ 30 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող թիրախի ուղղութեամբ: Միեւնոյն ժամանակ նշուած է, որ օդային ռումբով
10 Մայիսի 2021
3 ր. ընթերցում
Ռուսաստանի Զինուած ուժերը 2021 թուականին պիտի համալրուին ռատարներու համար անտեսանելի օդային ռումբով

Ռուսաստանի Զինուած ուժերը 2021 թուականին պիտի համալրուին նորագոյն «Տրել» (Дрель) օդային ռումբով: Այս մասին 9 մայիսին յայտարարած է ՌԴ փոխվարչապետ Եուրի Պորիսովը:

«Փորձարկումներու արդիւնքները հաստատած են  «Տրել» օդային ռումբի մարտական արդիւնաւէտութիւնը»,- ըսած է Պորիսովը: Անոր խօսքով՝ օդային ռումբի ձեռքբերումը նախատեսուած է ընթացիկ տարուան՝ պետական պաշտպանական պատուէրի շրջածիրէն ներս, ինչպէս նաեւ 2022-2023 թուականներուն:

Պորիսովն աւելի վաղ յայտնած էր, որ նորագոյն օդային ռումբով պիտի զինուին մարտավարական օդանաւային երթեւեկութեան օդանաւերը:

Ռուսաստանի մէջ նոր օդային ռումբի մշակման մասին յայտնի դարձած էր 2016 թուականի սեպտեմբերին: Ծրագրաւորողի տեղեկութիւններով՝ այն ունակ է արձակումէն ետք ինքնուրոյն թռիլ մինչեւ 30 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող թիրախի ուղղութեամբ:

Միեւնոյն ժամանակ նշուած է, որ օդային ռումբով զինուած օդանաւը կրնայ չյայտնուիլ հակառակորդի ՀՕՊ գօտիին մէջ եւ խուսափիլ յաւելեալ վտանգէ: Օդային ռումբը գործնականապէս անհնար է տեսնել ռատարներու օգնութեամբ:

«Եթէ Լափիտ կարողանայ կառավարութիւն  կազմել , ապա  այդ  պարագային  մեծ յոյսեր կան, որ Իսրայէլ եւս ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը». Ընկ. Յակոբ Անդրէասեան
Նախորդ նիւթը

«Եթէ Լափիտ կարողանայ կառավարութիւն  կազմել , ապա  այդ  պարագային  մեծ յոյսեր կան, որ Իսրայէլ եւս ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը». Ընկ. Յակոբ Անդրէասեան

Ատրպէյճանցիները Շուշիի մէջ նշած են Հայրենական պատերազմի 76-րդ տարեդարձը
Յաջորդ նիւթը

Ատրպէյճանցիները Շուշիի մէջ նշած են Հայրենական պատերազմի 76-րդ տարեդարձը

ԱնցնիլՎեր