Ռուսիա առաւօտէն աւելի քան 120 հրթիռ արձակած է Ուքրանիոյ ուղղութեամբ. Զելենսքիի գրասենեակ

Դեկտեմբեր 29-ի առաւօտեան Ռուսիա աւելի քան 120 հրթիռ արձակած է Ուքրանիոյ ուղղութեամբ։ Այս մասին Twitter-ի էջին յայտնած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի աշխատակազմի ղեկավարի խորհրդական Միխայիլ Փոտոլիաքը։ «Աւելի քան 120 հրթիռ ամբողջ Ուքրանիոյ վրայ՝ արձակուած «չար ռուսական աշխարհի» կողմէ, ոչնչացնելու կարեւոր ենթակառուցուածքները եւ կոտորելու խաղաղ բնակիչները»,- գրած է Փոտոլիաք ժամը 09:21-ին։ Ան աւելցուցած է, որ Ռուսիոյ համար անվտանգութեան երաշխիքներ ուզողներէն «նոր առաջարկներ» կ’ակնկալէ։ «Կը սպասենք «խաղաղապահներու» յաջորդ առաջարկներուն «խաղաղ կարգաւորման», «Ռուսիոյ անվտանգութեան երաշխիքներու» եւ սադրանքների անցանկալիութեան մասին», -ըսած է Փոտոլիաքը: Նշենք, որ դեկտեմբեր 29-ի առաւօտեան օդային տագնապ յայտարարուած է Ուքրանիոյ բոլոր շրջաններուն մէջ, բացառութեամբ արեւմտեանի։ Առաւօտեան ժամը 8-ի դրութեամբ ամբողջ հանրապետութեան մէջ հնչած
29 Դեկտեմբերի 2022
3 ր. ընթերցում
Ռուսիա առաւօտէն աւելի քան 120 հրթիռ արձակած է Ուքրանիոյ ուղղութեամբ. Զելենսքիի գրասենեակ

Դեկտեմբեր 29-ի առաւօտեան Ռուսիա աւելի քան 120 հրթիռ արձակած է Ուքրանիոյ ուղղութեամբ։ Այս մասին Twitter-ի էջին յայտնած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի աշխատակազմի ղեկավարի խորհրդական Միխայիլ Փոտոլիաքը։

«Աւելի քան 120 հրթիռ ամբողջ Ուքրանիոյ վրայ՝ արձակուած «չար ռուսական աշխարհի» կողմէ, ոչնչացնելու կարեւոր ենթակառուցուածքները եւ կոտորելու խաղաղ բնակիչները»,- գրած է Փոտոլիաք ժամը 09:21-ին։

Ան աւելցուցած է, որ Ռուսիոյ համար անվտանգութեան երաշխիքներ ուզողներէն «նոր առաջարկներ» կ’ակնկալէ։

«Կը սպասենք «խաղաղապահներու» յաջորդ առաջարկներուն «խաղաղ կարգաւորման», «Ռուսիոյ անվտանգութեան երաշխիքներու» եւ սադրանքների անցանկալիութեան մասին», -ըսած է Փոտոլիաքը:

Նշենք, որ դեկտեմբեր 29-ի առաւօտեան օդային տագնապ յայտարարուած է Ուքրանիոյ բոլոր շրջաններուն մէջ, բացառութեամբ արեւմտեանի։ Առաւօտեան ժամը 8-ի դրութեամբ ամբողջ հանրապետութեան մէջ հնչած են տագնապի ազդանշաններ:

Ինչպէս պարզաբանած է «Հարաւ» օպերատիւ հրամանատարութիւնը, ռուսական զօրքերը Սեւ ծովուն մէջ մարտական հերթապահութեան դուրս բերած են երկու վերգետնեայ հրթիռակիր։ Արձակման պատրաստ է մինչեւ 20 «Քալիպր» հրթիռ։

Լաչինի միջանցքի վերջին դէպքերը,անկասկած, Հայաստանի համար անկեղծութեան ստուգման փորձ պիտի ըլլան. Չաւուշօղլու
Նախորդ նիւթը

Լաչինի միջանցքի վերջին դէպքերը,անկասկած, Հայաստանի համար անկեղծութեան ստուգման փորձ պիտի ըլլան. Չաւուշօղլու

Բոլոր նախանշանները կան` Ատրպէյճանը հերթական ռազմական սադրանքը կը պատրաստէ. Փաշինեան
Յաջորդ նիւթը

Բոլոր նախանշանները կան` Ատրպէյճանը հերթական ռազմական սադրանքը կը պատրաստէ. Փաշինեան

ԱնցնիլՎեր