Ռուսիոյ խաղաղապահներու ճամբով մարդասիրական օգնութիւններ դէպի Արցախ

Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբը կը շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իր առջեւ դրուած խնդիրներու կատարումը: Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը: Կը նշուի, որ ռուս խաղաղապահներու կողմէ 30 դիտակէտերու մէջ իրադրութեան եւ կրակի դադրեցման պահպանման շուրջօրեայ վերահսկողութիւն կ՛իրականացուի: «Զօրախումբին հրամանատարութիւնը կը շարունակէ բանակցութիւնները հայկական եւ ատրպէյճանական կողմերուն հետ` Ստեփանակերտ-Գորիս ճանապարհով (Լաչինի միջանցք – Խմբ.) փոխադրութեան միջոցներու երթեւեկութիւնը վերականգնելու հարցով»,ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: Ըստ հաղորդագրութեան`պարեկութիւն իրականացուած է Մարտակերտի, Մարտունիի, Շուշիի շրջաններուն եւ Լաչինի միջանցքին մէջ: Ապահովուած է մարդասիրական բեռով ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի երկու շարասիւների ուղեկցումը Գորիս-Ստեփանակերտ երթուղիով: Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած է մարդասիրական շարժում, որու ծիրին մէջ բազմազաւակ ընտանիքներուն, հաշմանդամ երեխաներ
17 Փետրվարի 2023
5 ր. ընթերցում
Ռուսիոյ խաղաղապահներու ճամբով մարդասիրական օգնութիւններ դէպի Արցախ

Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբը կը շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իր առջեւ դրուած խնդիրներու կատարումը: Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը:

Կը նշուի, որ ռուս խաղաղապահներու կողմէ 30 դիտակէտերու մէջ իրադրութեան եւ կրակի դադրեցման պահպանման շուրջօրեայ վերահսկողութիւն կ՛իրականացուի: «Զօրախումբին հրամանատարութիւնը կը շարունակէ բանակցութիւնները հայկական եւ ատրպէյճանական կողմերուն հետ` Ստեփանակերտ-Գորիս ճանապարհով (Լաչինի միջանցք – Խմբ.) փոխադրութեան միջոցներու երթեւեկութիւնը վերականգնելու հարցով»,ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ըստ հաղորդագրութեան`պարեկութիւն իրականացուած է Մարտակերտի, Մարտունիի, Շուշիի շրջաններուն եւ Լաչինի միջանցքին մէջ: Ապահովուած է մարդասիրական բեռով ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի երկու շարասիւների ուղեկցումը Գորիս-Ստեփանակերտ երթուղիով: Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած է մարդասիրական շարժում, որու ծիրին մէջ բազմազաւակ ընտանիքներուն, հաշմանդամ երեխաներ ունեցող ընտանիքներուն եւ Հայրենական մեծ պատերազմի մասնակիցներուն մթերային փաթեթներ տրամադրուած է:

«Ռուս խաղաղապահ զօրախումբի ճարտարապետա-սակրաւորական խումբերը կը շարունակեն կառոյցներու եւ տարածքներու ականազերծումը: Օրուան ընթացքին մաքրուած է 0,5 հա տարածք: Յայտնաբերուած եւ վնասազերծուած է 1 պայթիւնավտանգ առարկայ:

Ընդհանուր առմամբ, 2020 թուականի 23 նոյեմբերէն ռուս խաղաղապահ զօրախումբի ճարտարապետա-սակրաւորական խումբերը ականներէն եւ արկերէն մաքրած են 2510,1 հա տարածք, 689,5 քմ ճանապարհ, 1940 շէնք, յայտնաբերուած եւ վնասազերծուած է 26.765 պայթիւնավտանգ առարկայ:

Ռուս խաղաղապահներու անվտանգութեան ապահովման եւ հնարաւոր միջադէպերու կանխարգիլման նպատակով կը պահպանուի շարունակական փոխգործակցութիւն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբներուն հետ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Արցախի մէջ 755 տնտեսվարողներ դադրեցուցած են իրենց գործունէութիւնը
Նախորդ նիւթը

Արցախի մէջ 755 տնտեսվարողներ դադրեցուցած են իրենց գործունէութիւնը

Կայացած է Փաշինեան-Ալիեւ-Պլինքըն հանդիպում
Յաջորդ նիւթը

Կայացած է Փաշինեան-Ալիեւ-Պլինքըն հանդիպում

ԱնցնիլՎեր