«Սա պատերազմական շարժում սկսելու հաստատումն էր, որ անցաւ խորհրդարանով». Կարօ Փայլան

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլա իր ֆէյսպուքեան էջին անդրադարձած է Թուրքիոյ խորհրդարանի կողմէ Իրաքի եւ Սուրիոյ տարածքներուն մէջ ռազմական գործողութիւններու իրականացման մանտաթի ժամկէտը 1 տարիով երկարաձգելու փաստին եւ գրած է, որ «Արդարութիւն եւ զարգացում», Ժողովրդադեմոկրատական, Ազգային-ժողովրդավարական եւ «Լաւ» կուսակցութիւնները պատասխանատու են Սուրիոյ հիւսիսին մէջ սպասուող աղէտի համար: «Սա պատերազմական շարժում սկսելու հաստատումն էր, որ անցաւ խորհրդարանով: Ժողովուրդը չուզեր պատերազմ, եւ մենք մինչեւ վերջ պիտի պայքարինք խաղաղութեան համար»,- գրած է Փայլանը՝ գրառումը ուղեկցելով «Ո՛չ պատերազմին» հաջթէկով: Յիշեցնենք, որ երէկ Թուրքիոյ խորհրդարանը մէկ տարիով երկարաձգած է Իրաքի եւ Սուրիոյ տարածքներուն մէջ ռազմական գործողութիւններու անցկացման մանտաթի ժամկէտը: Փաստաթուղթին մէջ, որ ներկայացուած է
10 Հոկտեմբերի 2019
4 ր. ընթերցում
«Սա պատերազմական շարժում սկսելու հաստատումն էր, որ անցաւ խորհրդարանով». Կարօ Փայլան

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլա իր ֆէյսպուքեան էջին անդրադարձած է Թուրքիոյ խորհրդարանի կողմէ Իրաքի եւ Սուրիոյ տարածքներուն մէջ ռազմական գործողութիւններու իրականացման մանտաթի ժամկէտը 1 տարիով երկարաձգելու փաստին եւ գրած է, որ «Արդարութիւն եւ զարգացում», Ժողովրդադեմոկրատական, Ազգային-ժողովրդավարական եւ «Լաւ» կուսակցութիւնները պատասխանատու են Սուրիոյ հիւսիսին մէջ սպասուող աղէտի համար:

«Սա պատերազմական շարժում սկսելու հաստատումն էր, որ անցաւ խորհրդարանով: Ժողովուրդը չուզեր պատերազմ, եւ մենք մինչեւ վերջ պիտի պայքարինք խաղաղութեան համար»,- գրած է Փայլանը՝ գրառումը ուղեկցելով «Ո՛չ պատերազմին» հաջթէկով:

Յիշեցնենք, որ երէկ Թուրքիոյ խորհրդարանը մէկ տարիով երկարաձգած է Իրաքի եւ Սուրիոյ տարածքներուն մէջ ռազմական գործողութիւններու անցկացման մանտաթի ժամկէտը:

Փաստաթուղթին մէջ, որ ներկայացուած է խորհրդարանին նախագահ Էրտողանի մակագրութեամբ, ըսուած է, որ Թուրքիոյ հարաւային շրջանները կը շարունակեն մնալ վտանգի տակ, եւ որ այդ կը հարուածէ Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան:

Փաստաթուղթին մէջ նշուած է նաեւ, որ Թուրքիան իր ռազմական գործողութիւնները կը սկսի՝ ելլելով իր երկրի ազգային անվտանգութեան հարցէն եւ տարածաշրջանին մէջ ահաբեկչութեան վերացման խնդրէն: Նշուած է նաեւ, որ նախագահը կը պահանջէ Սահմանադրութեան 92-րդ կէտի հիման վրայ մէկ տարիով երկարաձգել ռազմական գործողութիւններու մանտաթի ժամկէտը, որ ուժի մէջ պիտի մտնէ այս տարուան 30 Հոկտեմբերէն: 

 

Արա Վարդանեանի նկատմամբ որպէս խափանման միջոց կիրառուած է կալանաւորումը
Նախորդ նիւթը

Արա Վարդանեանի նկատմամբ որպէս խափանման միջոց կիրառուած է կալանաւորումը

«ՀՀ-ն Սուրիոյ՝ Հալէպի մէջ, կ'իրականացնէ մարդասիրական առաքելութիւն, եւ մենք պիտի շարունակենք այդ առաքելութեան իրականացումը». Նիկոլ Փաշինեան
Յաջորդ նիւթը

«ՀՀ-ն Սուրիոյ՝ Հալէպի մէջ, կ’իրականացնէ մարդասիրական առաքելութիւն, եւ մենք պիտի շարունակենք այդ առաքելութեան իրականացումը». Նիկոլ Փաշինեան

ԱնցնիլՎեր