Սեպտեմբերի 13-ի ատրպէյճանական յարձակման հետեւանքով հայկական կողմի զոհերուն թիւը 224 է. Քննչական Կոմիտէ

Սեպտեմբեր 13-14-ի ատրպէյճանական յարձակման հետեւանքով հայկական կողմի զոհերուն թիւը 224 է: Այս մասին հաղորդած է Քննչական Կոմիտէի մամուլի խօսնակ Գոռ Աբրահամեան, նշելով, որ այս պահու դրութեամբ բոլոր` 224 զոհերուն ինքնութիւնները պարզուած են, նոյնականացման գործընթացը աւարտած է: «Բազմակողմանի քննութիւն է իրականացւում իւրաքանչիւր զոհի մահուան հանգամանքները պարզելու գնահատական տալու համար», աւելացուց Գոռ Աբրահամեանը: Պաշտօնական Երեւանը աւելի առաջ յայտնած էր նաեւ տարածքային կորուստներու մասին` յայտարարելով, որ Ատրպէյճանը գրաւած է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի շուրջ 140 քառ. քմ: Ատրպէյճանական կողմը պաշտօնապէս շուրջ 80 զոհի մասին յայտնած է:
20 Դեկտեմբերի 2022
2 ր. ընթերցում
Սեպտեմբերի 13-ի ատրպէյճանական յարձակման հետեւանքով հայկական կողմի զոհերուն թիւը 224 է. Քննչական Կոմիտէ

Սեպտեմբեր 13-14-ի ատրպէյճանական յարձակման հետեւանքով հայկական կողմի զոհերուն թիւը 224 է: Այս մասին հաղորդած է Քննչական Կոմիտէի մամուլի խօսնակ Գոռ Աբրահամեան, նշելով, որ այս պահու դրութեամբ բոլոր` 224 զոհերուն ինքնութիւնները պարզուած են, նոյնականացման գործընթացը աւարտած է:

«Բազմակողմանի քննութիւն է իրականացւում իւրաքանչիւր զոհի մահուան հանգամանքները պարզելու գնահատական տալու համար», աւելացուց Գոռ Աբրահամեանը:

Պաշտօնական Երեւանը աւելի առաջ յայտնած էր նաեւ տարածքային կորուստներու մասին` յայտարարելով, որ Ատրպէյճանը գրաւած է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի շուրջ 140 քառ. քմ:

Ատրպէյճանական կողմը պաշտօնապէս շուրջ 80 զոհի մասին յայտնած է:

Արցախի մէջ մահացած է ծանր հիւանդներէն մէկը՝ 42-ամեայ տղամարդ
Նախորդ նիւթը

Արցախի մէջ մահացած է ծանր հիւանդներէն մէկը՝ 42-ամեայ տղամարդ

Ստեփանակերտի խանութներուն մէջ որոշ ապրանքներու պակասն արդէն երեւելի կը դառնայ
Յաջորդ նիւթը

Ստեփանակերտի խանութներուն մէջ որոշ ապրանքներու պակասն արդէն երեւելի կը դառնայ

ԱնցնիլՎեր