Սեւրի դաշնագրի հարիւրամեակը. Առցանց քննարկում

Սեւրի դաշնագիրը, որ ստորագրուեցաւ 10 Օգոստոս 1920-ին, պատմական փաստաթուղթ մըն է, որ կը նշանաւորէ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական ճանաչումը՝ թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ՛ Մեծ Տէրութիւններուն կողմէ, եւ մինչեւ այսօր կը մնայ պատմական արդարութեան եւ տարածքային վերականգնման աւետաբերը։ Դաշնագրի հարիւրամեակը տօնելու եւ անոր ինչպէս պատմական համատեքստին, այնպէս ալ արդիական նշանակութեան մասին աւելի շատ բան սորվելու համար, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Արմենական-Յովսէփեան մասնաճիւղը եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Տրօ Գոմիտէն համատեղ կազմակերպած են երկու քննարկումներ, որոնք պիտի տեղի ունենան Շաբաթ, 19 Սեպտեմբեր 2020-ին. մէկ քննարկում՝ անգլերէն լեզուով, պատմաբան Ռիչըրտ Յովհաննիսեանի եւ փիլիսոփայ Հենրի Թերիոյի մասնակցութեամբ. եւ երկրորդ քննարկում՝ հայերէն լեզուով, պատմաբաններ Թալին Թէր-Մինասեանի եւ Աշոտ
27 Օգոստոսի 2020
3 ր. ընթերցում
Centennial of the Treaty of Sèvres: Online Panel Discussion

Սեւրի դաշնագիրը, որ ստորագրուեցաւ 10 Օգոստոս 1920-ին, պատմական փաստաթուղթ մըն է, որ կը նշանաւորէ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական ճանաչումը՝ թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ՛ Մեծ Տէրութիւններուն կողմէ, եւ մինչեւ այսօր կը մնայ պատմական արդարութեան եւ տարածքային վերականգնման աւետաբերը։

Դաշնագրի հարիւրամեակը տօնելու եւ անոր ինչպէս պատմական համատեքստին, այնպէս ալ արդիական նշանակութեան մասին աւելի շատ բան սորվելու համար, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Արմենական-Յովսէփեան մասնաճիւղը եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Տրօ Գոմիտէն համատեղ կազմակերպած են երկու քննարկումներ, որոնք պիտի տեղի ունենան Շաբաթ, 19 Սեպտեմբեր 2020-ին. մէկ քննարկում՝ անգլերէն լեզուով, պատմաբան Ռիչըրտ Յովհաննիսեանի եւ փիլիսոփայ Հենրի Թերիոյի մասնակցութեամբ. եւ երկրորդ քննարկում՝ հայերէն լեզուով, պատմաբաններ Թալին Թէր-Մինասեանի եւ Աշոտ Մելքոնեանի մասնակցութեամբ։ Երկու նիստերն ալ պիտի տեղի ունենան Zoom-ի միջոցով եւ բաց են հանրութեան համար. նախապէս գրանցումը պարտադիր է (տես ստորեւ)։

Միացէ՛ք մեզի եւ գրանցեցէ՛ք ձեր անունը՝ միջոցառումէն առաջ մանրամասնութիւններ եւ յղումը ստանալու համար, խնդրեմ սեղմեցէ՛ք ՀԵՏՈ

կամ ղրկեցէք ձեր էլ. փոստի հասցէն եւ անունը՝ [email protected]

Յայտարարութիւն. Սեւրի Դաշնագրի 100-Ամեակի Առցանց Լսարան
Նախորդ նիւթը

Յայտարարութիւն. Սեւրի Դաշնագրի 100-Ամեակի Առցանց Լսարան

Բժիշկ Յակոբ (Հրայր) Յովակիմեանին շնորհուած է Ազգային հերոսի կոչում
Յաջորդ նիւթը

Բժիշկ Յակոբ (Հրայր) Յովակիմեանին շնորհուած է Ազգային հերոսի կոչում

ԱնցնիլՎեր