Յայտարարութիւն. Սեւրի Դաշնագրի 100-Ամեակի Առցանց Լսարան

1920 Օգոստոս 10-ին ստորագրուած Սեւրի դաշնագիրը, կարեւոր պատմական փաստաթուղթ մըն է, որ կը հաստատէ Թուրքիոյ և մեծ պետութիւններու կողմէ, ճանաչումը Հայաստանի Հանրապետութեան: Մինչեւ օրս, ան կը մնայ խորհրդանիշը մեր դատի պատմական արդարութեան, և հողային պահանջատիրութեան: Նշելու համար այս անկիւնադարձային դաշնագրին հարիւրամեակը, և քննելու անոր առընչութիւնը ներկայ քաղաքա-իրաւաբանական պայմաններուն, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Արմենական-Յովսէփեան ակումբը, և Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Դրօ կոմիտէն, միասնաբար կը կազմակերպեն, առցանց լսարան մը Zoom-ի միջոցաւ։ Այս լսարանը, պատրաստուած հայերէն և անգլերէն լեզուներով, տեղի պիտի ունենայ շաբաթ 19 Սեպտեմբեր, 2020-ին: Անգլերէն բաժնին մէջ ելոյթ պիտի ունենան՝ հռչակաւոր պատմաբան Ռիչըրտ Յովհաննիսեանը, և անուանի փիլիսոփայ Հէնրի Թէրիօն։ Իսկ հայերէն բաժնին մէջ
27 Օգոստոսի 2020
3 ր. ընթերցում
Յայտարարութիւն. Սեւրի Դաշնագրի 100-Ամեակի Առցանց Լսարան

1920 Օգոստոս 10-ին ստորագրուած Սեւրի դաշնագիրը, կարեւոր պատմական փաստաթուղթ մըն է, որ կը հաստատէ Թուրքիոյ և մեծ պետութիւններու կողմէ, ճանաչումը Հայաստանի Հանրապետութեան: Մինչեւ օրս, ան կը մնայ խորհրդանիշը մեր դատի պատմական արդարութեան, և հողային պահանջատիրութեան:

Նշելու համար այս անկիւնադարձային դաշնագրին հարիւրամեակը, և քննելու անոր առընչութիւնը ներկայ քաղաքա-իրաւաբանական պայմաններուն, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Արմենական-Յովսէփեան ակումբը, և Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Դրօ կոմիտէն, միասնաբար կը կազմակերպեն, առցանց լսարան մը Zoom-ի միջոցաւ։ Այս լսարանը, պատրաստուած հայերէն և անգլերէն լեզուներով, տեղի պիտի ունենայ շաբաթ 19 Սեպտեմբեր, 2020-ին:

Անգլերէն բաժնին մէջ ելոյթ պիտի ունենան՝ հռչակաւոր պատմաբան Ռիչըրտ Յովհաննիսեանը, և անուանի փիլիսոփայ Հէնրի Թէրիօն։

Իսկ հայերէն բաժնին մէջ ելոյթ պիտի ունենան՝ համբաւաւոր պատմաբան Թալին Տէր Մինասեանը, և հանրածանօթ փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեանը:

Արձանագրութեան եւ կապը ստանալու համար սեղմել՝  ԱՅՍՏԵՂ

Կամ ձեր անունը եւ ելգիրի հասցէն ղրկել՝

[email protected]  հասցէին

Քաղաքապետարանը կացարան տրամադրած է շէնքի փլուզման հետեւանքով բնակարանները կորսնցուցած ընտանիքներուն
Նախորդ նիւթը

Քաղաքապետարանը կացարան տրամադրած է շէնքի փլուզման հետեւանքով բնակարանները կորսնցուցած ընտանիքներուն

Centennial of the Treaty of Sèvres: Online Panel Discussion
Յաջորդ նիւթը

Սեւրի դաշնագրի հարիւրամեակը. Առցանց քննարկում

ԱնցնիլՎեր