Սեւրի խնդրով Հայաստանէն հնչած յայտարարութիւնները անհանգստացուցած են Անգարան

Թուրքիոյ անհանգստացուցած են Սեւրի դաշնագրի 100-ամեակի առթիւ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած միջոցառումները, ինչպէս նաեւ ՀՀ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու կողմէն այս թեմայով հնչած յայտարարութիւնները, կը գրէ Ermenihaber.am-ը։ Այդ երկրի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է ի պատասխան վերոնշեալ յայտարարութիւններուն։ Թուրքիոյ արտաքին գերատեսչութիւնը անուղղակի սպառնացած է․ «Ժամանակը եկած է, որ Հայաստանի պետական մարմինները (իշխանութիւնները) յարձակողական ազգայնական քաղաքականութիւնը ձգեն եւ խելքերնին գլուխնին հաւաքեն»։ Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Սեւրի պայմանագրին նպատակն էր մասնատել Թուրքիան եւ վերջ դնել անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան, սակայն թուրք ազգը «պատռած եւ պատմութեան աղբամանը նետած է զայն»։ Թուրքիոյ ԱԳՆ-ն այս յայտարարութեամբ անուղղակի կերպով Հայաստանը մեղադրած է թշնամանք սերմանելուն եւ «ստոր նպատակներ
12 Օգոստոսի 2020
3 ր. ընթերցում
Սեւրի խնդրով Հայաստանէն հնչած յայտարարութիւնները անհանգստացուցած են Անգարան

Թուրքիոյ անհանգստացուցած են Սեւրի դաշնագրի 100-ամեակի առթիւ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած միջոցառումները, ինչպէս նաեւ ՀՀ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու կողմէն այս թեմայով հնչած յայտարարութիւնները, կը գրէ Ermenihaber.am-ը։

Այդ երկրի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է ի պատասխան վերոնշեալ յայտարարութիւններուն։

Թուրքիոյ արտաքին գերատեսչութիւնը անուղղակի սպառնացած է․ «Ժամանակը եկած է, որ Հայաստանի պետական մարմինները (իշխանութիւնները) յարձակողական ազգայնական քաղաքականութիւնը ձգեն եւ խելքերնին գլուխնին հաւաքեն»։

Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Սեւրի պայմանագրին նպատակն էր մասնատել Թուրքիան եւ վերջ դնել անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան, սակայն թուրք ազգը «պատռած եւ պատմութեան աղբամանը նետած է զայն»։

Թուրքիոյ ԱԳՆ-ն այս յայտարարութեամբ անուղղակի կերպով Հայաստանը մեղադրած է թշնամանք սերմանելուն եւ «ստոր նպատակներ ունենալուն մէջ», եւ այդ նպատակով Սեւրի պայմանգրի օգնութեան դիմելուն մէջ։

Մարդասիրական օգնութեան երրորդ օդանաւը Հայաստանէն Լիբանան մեկնեցաւ
Նախորդ նիւթը

Մարդասիրական օգնութեան երրորդ օդանաւը Հայաստանէն Լիբանան մեկնեցաւ

 Չաւուշօղլու. «Մենք կ՚աջակցինք Ատրպէյճանին»
Յաջորդ նիւթը

 Չաւուշօղլու. «Մենք կ՚աջակցինք Ատրպէյճանին»

ԱնցնիլՎեր