Չաւուշօղլու. «Մենք կ՚աջակցինք Ատրպէյճանին»

Թուրքիան կ’աջակցի Ատրպէյճանին՝ ղարաբաղեան խնդրի կարգաւորման որեւէ տարբերակի պարագային, յայտարարած է արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն՝ Ատրպէյճանի նորանշանակ արտաքին գործոց նախարար Ճեյհուն Պայրամովի հետ հանդիպման ժամանակ։ «Հայաստանը կը խուսափի հակամարտութեան կարգաւորումէն եւ կը սրէ իրավիճակը՝ խաղաղ բանակցութիւնները խոչընդոտելու համար», — յայտարարած է Չաւուշօղլուն։ Պայրամովը իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնած է Թուրքիոյ այս հարցին մէջ ցուցաբերած աջակցութեան համար։ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը 11 Օգոստոսին ժամանած է Անգարա, այս իր առաջին պաշտօնական այցն է՝ անցեալ ամիս այդ պաշտօնը ստանձնելէն  յետոյ։ Ճեյհուն Պայրամովէն բացի, Անգարա ժամանած է նաեւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարը։ Ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, Զաքիր Հասանովը հանդիպած է թուրք գործընկերոջ, ինչպէս նաեւ Թուքրիոյ նախագահ
12 Օգոստոսի 2020
3 ր. ընթերցում
 Չաւուշօղլու. «Մենք կ՚աջակցինք Ատրպէյճանին»

Թուրքիան կ’աջակցի Ատրպէյճանին՝ ղարաբաղեան խնդրի կարգաւորման որեւէ տարբերակի պարագային, յայտարարած է արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն՝ Ատրպէյճանի նորանշանակ արտաքին գործոց նախարար Ճեյհուն Պայրամովի հետ հանդիպման ժամանակ։

«Հայաստանը կը խուսափի հակամարտութեան կարգաւորումէն եւ կը սրէ իրավիճակը՝ խաղաղ բանակցութիւնները խոչընդոտելու համար», — յայտարարած է Չաւուշօղլուն։

Պայրամովը իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնած է Թուրքիոյ այս հարցին մէջ ցուցաբերած աջակցութեան համար։

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը 11 Օգոստոսին ժամանած է Անգարա, այս իր առաջին պաշտօնական այցն է՝ անցեալ ամիս այդ պաշտօնը ստանձնելէն  յետոյ։ Ճեյհուն Պայրամովէն բացի, Անգարա ժամանած է նաեւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարը։ Ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, Զաքիր Հասանովը հանդիպած է թուրք գործընկերոջ, ինչպէս նաեւ Թուքրիոյ նախագահ Ռեճէպ Էրտողանի հետ։

Աւելի վաղ, պաշտօնական Երեւանը քննադատած էր Թուրքիան, հակամարտութիւնը սրելու համար, Մինսքի խումբի միջնորդ Ռուսաստանն ալ յորդորած էր զերծ մնալ քայլերէ ու յայտարարութիւններէ, որոնք կրնան ալ աւելի թէժացնել իրավիճակը։

Սեւրի խնդրով Հայաստանէն հնչած յայտարարութիւնները անհանգստացուցած են Անգարան
Նախորդ նիւթը

Սեւրի խնդրով Հայաստանէն հնչած յայտարարութիւնները անհանգստացուցած են Անգարան

«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը 200.000 ԱՄՆ տոլար նուիրաբերած է Լիբանանհայութեան
Յաջորդ նիւթը

«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը 200.000 ԱՄՆ տոլար նուիրաբերած է Լիբանանհայութեան

ԱնցնիլՎեր