Սուրիան Թուրքիայէն պահանջած է անյապաղ դուրս բերել զօրքերը երկրի հիւսիսէն

Դամասկոս կը պահանջէ, որ Թուրքիան անմիջապէս դուրս բերէ իր զօրքերը Սուրիոյ հիւսիսային նահանգներէն։ Այս մասին յայտնած է Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆէյսալ Մըքտատը։ Նախարարը նաեւ նշած է, որ միջազգային հանրութիւնը իր հերթին պէտք է աջակցի Սուրիոյ ջանքերուն՝ երկրի հիւսիսային շրջանին մէջ բռնազաւթուած տարածքներու ազատագրման հարցով։ Ըստ Սուրիոյ արտաքին գերատեսչութեան՝ Իտլիպի մէջ ստեղծուած լարուածութեան գլխաւոր պատճառը թրքական բռնազաւթումն է եւ այն աջակցութիւնը, որ Անգարան կը ցուցաբերէ տեղի ահաբեկչական խմբաւորումներուն։ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ ցանկութիւն յայտնած է Նիւ Եորքի մէջ ընթացող ՄԱԿ-ի գլխաւոր ասամպլէայի շրջածիրէն ներս հանդիպիլ իր ռուս գործընկեր Սերկէյ Լաւրովի հետ՝ քննարկելու Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ստեղծուած իրավիճակը։
23 Սեպտեմբերի 2021
2 ր. ընթերցում
Սուրիան Թուրքիայէն պահանջած է անյապաղ դուրս բերել զօրքերը երկրի հիւսիսէն

Դամասկոս կը պահանջէ, որ Թուրքիան անմիջապէս դուրս բերէ իր զօրքերը Սուրիոյ հիւսիսային նահանգներէն։ Այս մասին յայտնած է Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆէյսալ Մըքտատը։

Նախարարը նաեւ նշած է, որ միջազգային հանրութիւնը իր հերթին պէտք է աջակցի Սուրիոյ ջանքերուն՝ երկրի հիւսիսային շրջանին մէջ բռնազաւթուած տարածքներու ազատագրման հարցով։

Ըստ Սուրիոյ արտաքին գերատեսչութեան՝ Իտլիպի մէջ ստեղծուած լարուածութեան գլխաւոր պատճառը թրքական բռնազաւթումն է եւ այն աջակցութիւնը, որ Անգարան կը ցուցաբերէ տեղի ահաբեկչական խմբաւորումներուն։

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ ցանկութիւն յայտնած է Նիւ Եորքի մէջ ընթացող ՄԱԿ-ի գլխաւոր ասամպլէայի շրջածիրէն ներս հանդիպիլ իր ռուս գործընկեր Սերկէյ Լաւրովի հետ՝ քննարկելու Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ստեղծուած իրավիճակը։

Հայաստանի եւ Յունաստանի ԱԳ նախարարները միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգերու շուրջ
Նախորդ նիւթը

Հայաստանի եւ Յունաստանի ԱԳ նախարարները միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգերու շուրջ

Արհ. Տ. Ռաֆայէլ Արքեպիսկոպոս Մինասեան ընտրուած է Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց ԻԱ․ Պատրիարք
Յաջորդ նիւթը

Արհ. Տ. Ռաֆայէլ Արքեպիսկոպոս Մինասեան ընտրուած է Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց ԻԱ․ Պատրիարք

ԱնցնիլՎեր