Սուրիոյ երկրաշարժէն վնասուած է Եագուպիյէի Ս. Աննա հայկական եկեղեցին (Լուսանկար)

Փետրուար 6-ին տեղի ունեցած երկրաշարժէն տուժած է նաեւ Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող հայկական Եագուպիէ գիւղը։ Այնտեղ կան աւերածութիւններ, վնասուած է նաեւ հայկական Ս. Աննա եկեղեցին։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը խոր ցաւով տեղեկացած է հայկական Եագուպիէ գիւղի հսկայ աւերներուն մասին։  Ս. Աննան պատմական եկեղեցին մեր ժողովուրդի համար դարձած էր ուխտատեղի։ Կաթողիկոսարանի հաղորդմամբ, Վեհափառ հայրապետը երէկ եւ այսօր կապ հաստատած է Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանի եւ համայնքային պատասխանատուներու հետ եւ մօտէն հետեւած երկրաշարժին պատճառով դժուարութեան մատնուած մեր ժողովուրդի զաւակներու իրավիճակին։  «Մեր պատասխանատուները յատուկ հոգածութիւն ու խնամք կը ցուցաբերեն եօթը կեդրոններու մէջ ապաստանած մեր
10 Փետրվարի 2023
3 ր. ընթերցում
Սուրիոյ երկրաշարժէն վնասուած է Եագուպիյէի Ս. Աննա հայկական եկեղեցին (Լուսանկար)

Փետրուար 6-ին տեղի ունեցած երկրաշարժէն տուժած է նաեւ Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող հայկական Եագուպիէ գիւղը։ Այնտեղ կան աւերածութիւններ, վնասուած է նաեւ հայկական Ս. Աննա եկեղեցին։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը խոր ցաւով տեղեկացած է հայկական Եագուպիէ գիւղի հսկայ աւերներուն մասին։  Ս. Աննան պատմական եկեղեցին մեր ժողովուրդի համար դարձած էր ուխտատեղի։

Կաթողիկոսարանի հաղորդմամբ, Վեհափառ հայրապետը երէկ եւ այսօր կապ հաստատած է Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանի եւ համայնքային պատասխանատուներու հետ եւ մօտէն հետեւած երկրաշարժին պատճառով դժուարութեան մատնուած մեր ժողովուրդի զաւակներու իրավիճակին։ 

«Մեր պատասխանատուները յատուկ հոգածութիւն ու խնամք կը ցուցաբերեն եօթը կեդրոններու մէջ ապաստանած մեր հայորդիներուն՝ անոնց հայթայթելով անհրաժեշտ կարիքները։ Այս առիթով հոգեւոր թէ աշխարհական համայնքի պատասխանատուները Նորին Ս. Օծութեան փոխանցեցին, թէ յատուկ յանձնախումբի ճամբով սկիզբ առած է վնասուած տուներու արձանագրութեան աշխատանքը»,- յայտնած են կաթողիկոսարանէն։

Մեքսիքայի Սենատը ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը
Նախորդ նիւթը

Մեքսիքայի Սենատը ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը

«Հայաստան» Համայկական Հիմնադրամը Հրատապ Մարդասիրական Աջակցութիւն Կը Ցուցաբերէ Սուրիոյ Հայ Համայնքին
Յաջորդ նիւթը

«Հայաստան» Համայկական Հիմնադրամը Հրատապ Մարդասիրական Աջակցութիւն Կը Ցուցաբերէ Սուրիոյ Հայ Համայնքին

ԱնցնիլՎեր