Վարչապետը ԱԱԾ-ին կառոյցի նոր պետի պաշտօնակատարը ներկայացուց

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան ղեկավար կազմին ներկայացուցած է կառոյցի տնօրէնի պաշտօնակատար Էտուարտ Մարտիրոսեանը: Մարտիրոսեանը ժամանակաւոր պաշտօնակատար նշանակուած է ԱԱԾ նախկին տնօրէն Արթուր Վանեցեանի հրաժարականէն ետք: «Պարոն Մարտիրոսեանը իր ողջ աշխատանքային գործունէութիւնը ծաւալած է Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան մէջ: Սա շատ կարեւոր արձանագրում է: Շատ կարեւոր կը համարեմ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ հիմնարկներու կայացումը, եւ կը կարծեմ, որ ԱԱԾ-ն իրապէս կայացած հիմնարկ է, բայց մենք պայմանաւորուած ենք, որ մեր ձգտումները երթալով պիտի մեծանան, եւ որքան ալ մեր որեւէ կառոյց կայացած է, մեր հիմնական խնդիրը պէտք է ըլլայ անոր մասնագիտական մակարդակի շարունակական բարձրացումը, ինչը ամենեւին չի նշանակեր, թէ անոր մակարդակը որեւէ կերպ
20 Սեպտեմբերի 2019
3 ր. ընթերցում
Վարչապետը ԱԱԾ-ին կառոյցի նոր պետի պաշտօնակատարը ներկայացուց

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան ղեկավար կազմին ներկայացուցած է կառոյցի տնօրէնի պաշտօնակատար Էտուարտ Մարտիրոսեանը: Մարտիրոսեանը ժամանակաւոր պաշտօնակատար նշանակուած է ԱԱԾ նախկին տնօրէն Արթուր Վանեցեանի հրաժարականէն ետք:

«Պարոն Մարտիրոսեանը իր ողջ աշխատանքային գործունէութիւնը ծաւալած է Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան մէջ: Սա շատ կարեւոր արձանագրում է: Շատ կարեւոր կը համարեմ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ հիմնարկներու կայացումը, եւ կը կարծեմ, որ ԱԱԾ-ն իրապէս կայացած հիմնարկ է, բայց մենք պայմանաւորուած ենք, որ մեր ձգտումները երթալով պիտի մեծանան, եւ որքան ալ մեր որեւէ կառոյց կայացած է, մեր հիմնական խնդիրը պէտք է ըլլայ անոր մասնագիտական մակարդակի շարունակական բարձրացումը, ինչը ամենեւին չի նշանակեր, թէ անոր մակարդակը որեւէ կերպ ցած է»,-ըսած է վարչապետը:

Փաշինեանը շնորհաւորած է Էտուարտ Մարտիրոսեանը` պատասխանատու պաշտօնը ստանձնելու կապակցութեամբ:

Ճօ Պայտըն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման օրակարգը բարձրացուց
Նախորդ նիւթը

Ճօ Պայտըն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման օրակարգը բարձրացուց

Անկախութեան տօնին առթիւ Մեծն Բրիտանիոյ թագուհին շնորհաւորանք յղեց նախագահ Արմէն Սարգսեանին
Յաջորդ նիւթը

Անկախութեան տօնին առթիւ Մեծն Բրիտանիոյ թագուհին շնորհաւորանք յղեց նախագահ Արմէն Սարգսեանին

ԱնցնիլՎեր